Sunday May 26, 2013

Լիբանանեան Բանակը Ստանձնեց Առեւանգուած Քաղաքացին

By adminx - Fri Nov 02, 7:36 am

Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Նաքուրայի մօտ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջոցով ստանձնած է իսրայէլեան ուժերուն կողմէ նախանցեալ օր  Շեպաայի շրջանին մէջ առեւանգուած լիբանանցի քաղաքացի Իսմայէլ Խալիլ Նապաան:

Բանակը Նապաան հարցաքննութեան ենթարկեց` իմանալու համար անոր առեւանգումին դրդապատճառները:

 

 

Leave a Reply

Advertisement