Saturday May 25, 2013

Չինաստան Տագնապի Լուծման Ծրագիր Մը Կ՛առաջարկէ. «Ասատ Ինքնըստինքեան Պիտի Չհեռանայ, Այլ Մինչեւ Վերջ Պիտի Տոկայ» Կ՛ըսէ Սերտիուքով

By adminx - Fri Nov 02, 7:28 am

Անաթոլի Սերտիուքով

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիուքով յայտնեց, որ Սուրիոյ բանակը կատարելապէս կրնայ զինեալներուն դէմ դնել` նշելով, որ «չափազանցուած է այն խօսքը, թէ Սուրիոյ բանակը բարոյալքուեցաւ եւ պատերազմ մղելու կարողութիւնը չունի»:

Ան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յիշեցուց, որ վերլուծաբանները կէս տարի առաջ կ՛ըսէին, որ կառավարական ուժերը անկարող են զինեալներուն դէմ դնելու, սակայն հետագայ զարգացումները ցոյց տուին, որ անոնք սխալ էին:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապի ներկայ իրավիճակը ի նպաստ երկրին չէ: Ան նշեց, որ «Պաշշար Ասատ ինքնըստինքեան պիտի չհեռանայ, որովհետեւ կը գիտակցի, որ իր հեռանալը անձնասպանութիւն կը նշանակէ, ուստի մինչեւ վերջ պիտի տոկայ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիա պատրա՞ստ է Սուրիա խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու, Սերտիուքով ըսաւ, որ «այս հարցը նախագահէն կախեալ է եւ տակաւին չէ արծարծուած ու ներկայիս չ՛արծարծուիր»:

Մինչ այդ, Գահիրէի մէջ Չինաստանի դեսպանատունը երէկ յայտարարեց, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Ժի Չի Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի ներկայացուցած է Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծումի առաջարկ մը:

Չինական առաջարկը կը բաղկանայ չորս կէտերէ. 1) Զինադադարի հաստատում օրինակի համար շրջան առ շրջան եւ հանգրուան առ հանգրուան, ապա ընդլայնել զինադադարին մէջ ներառուած շրջանները` հասնելով զինեալ բոլոր տեսակի բախումներու դադրեցման. 2) Երկխօսութեան ճամբով քաղաքական փոխանցման ճամբու քարտէսի բանաձեւման համար Իպրահիմիի եւ միջազգային ընտանիքին օժանդակ լիազօր բանագնացներու նշանակում, 3) Ապահով, կայուն եւ հանդարտ փոխանցման իրագործման համար սուրիական կառավարութեան հաստատութիւններու գործունէութեան շարունակումը պահելու կողքին փոխանցման իշխանութեան մարմին մը հաստատել, 4) Իպրահիմիի հետ գործակցիլ եւ անոր ջանքերուն աջակցիլ, գործադրել Ժընեւի ժողովի հաղորդագրութեան կէտերն ու Քոֆի Անանի 6 կէտերէ բաղկացած ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի առնչակից որոշումները:

Ծրագիրը նաեւ կը բովանդակէ սուրիացի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւնները աւելցնելու, Սուրիայէն դուրս գտնուող գաղթականներուն պատշաճ վերաբնակեցում կատարելու եւ Սուրիոյ մէջ կարիքաւոր գաղթականներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւնը տրամադրելու առաջարկ մը:

Նշենք, որ չինական առաջարկը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին վերաբերեալ ակնարկութիւն մը չի պարունակեր:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆայսալ Մըքտատ Թուրքիան ամբաստանեց Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը մագլցումի մղելու յանցանքով: «Թուրքիա հասարակաց սահմանին շուրջ ապահովական եւ զինուորական համակարգումի հարցով սուրիական կողմի դիմումին պատասխան չտուաւ, այլ ընդհակառակն` կը փորձէ կացութիւնը օգտագործել ահաբեկչութիւնը մագլցումի մղելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ զարգացումները օգտագործել իր շահերուն ի նպաստ», ըսաւ Մըքտատ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Սուրիոյ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց դիմակայելու ծայրայեղական խմբաւորումներու ուժերը` յղում կատարելով բազմաթիւ «տագնապալի հաղորդագրութիւններու» իսլամական ծայրայեղականներու վերաբերեալ, որոնք, ըստ իրեն, կը փորձեն Ասատի դէմ ապստամբութենէն օգուտ քաղել:

Ընդդիմադիրները պէտք է «կտրուկ կերպով դիմակայեն ծայրայեղականներու ուժերը», յայտարարեց Քլինթըն` նշելով, որ ամերիկեան վարչակազմը սուրիացի ընդդիմադիրները ղեկավարելու համար քանի մը թեկնածուներ առաջարկած է` աւելցնելով, որ Սուրիույ Ազգային խորհուրդը կրնայ աւելի ընդլայնուած ընդդիմութեան մը մաս կազմել:

Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի ղեկավար Ապտել Պասեթ Սիտա երէկ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին հակադարձելով Քլինթընի յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ ծայրայեղականներու ներկայութեան» պատասխանատուն միջազգային ընտանիքն է, որովհետեւ անիկա չէ զօրակցած սուրիացի ժողովուրդին` ընդդէմ սուրիական վարչակարգին: Ան նշեց, որ «վարչակարգին ձեռքէն ազատագրուած շրջաններուն մէջ քաոսի եւ բարոյալքութեան վիճակ մը կայ, որովհետեւ վարչակարգը կը շարունակէ խենթի պէս սպաննել (…) եւ այսպիսի պարագաներուն բնական է, որ ծայրայեղականութիւն գոյութիւն ունենայ (…) կարգ մը տարրերու մօտ»:

 

Leave a Reply

Advertisement