Նախաձեռնութեամբ Ամերիկեան Համալսարանի Լիբանանահայ Աւանդներու Ակումբին. Վերահաստատում Համաշխարհային Ա. Պատերազմին Նահատակուած Բժիշկներու Յիշատակին Զետեղուած Յուշատախտակին
By adminx - Fri Nov 02, 7:21 am
- 0 Comments
- 269 views
- Tweet
Email
Print
Նախաձեռնութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանահայ աւանդներու ակումբին (Լիպանիզ-Արմինիըն Հերիթէյճ Քլապ) եւ գործակցաբար համալսարանի ուսանողական խորհուրդին երէկ` հինգշաբթի, 1 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վերահաստատուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին համալսարանի նահատակուած շրջանաւարտ բժիշկներու յիշատակին զետեղուած յուշատախտակը:
Ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի այժմու նախագահ Փիթըր Տորմանի, ակադեմականներու, համալսարանական ուսանողներու, ազգասէր հայորդիներու եւ Հայ դատին բարեկամ ու համակիրներու հոծ բազմութեան, Վահէ Սեֆերեան բացումը կատարեց ձեռնարկին: Լիբանանահայ աւանդներու ակումբի նախագահ Սեֆերեան ողջունեց ներկաները` իր շնորհակալութիւններն ու գոհունակութիւնը յայտնելով ձեռնարկին ներկայ եղող հանրութեան: Ան ներկայացուց յայտագիրի գլխաւոր խորագիրները` ընդգծելով, որ անիկա նպատակ ունի վեր առնել անցեալին այս համալսարանի շրջանաւարտ բժիշկներուն ցուցաբերած ազնիւ կեցուածքը Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Լիբանանահայ աւանդներու ակումբէն Հրաչ Քեստենեանի:
Քեստենեան շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին այս ձեռնարկի իրականացման, նշեց, թէ ինք զարմանքով նկատած էր, թէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի պատմութեան մէջ կարեւոր դէպք մը մոռացութեան ենթարկուած է: Ապա Հրաչ Քեստենեան պատմական ակնարկով մը վերյիշեց, թէ առաջին անգամ 26 յունիս 1923-ին էր, որ յուշատախտակի քողազերծումը կը կատարուէր այս համալսարանի շրջանաւարտ այն նահատակ բժիշկներուն, որոնք ազնուօրէն ծառայած էին թրքական բանակին մէջ` փրկելու համար ուրիշներու կեանքերը, երբ նոյն այդ թրքական բանակի պետութիւնը կը կոտորէր իրենց ընտանիքի անդամները: Թուելով այս յուշատախտակի վերահաստատումը 1926-ին պրոնզէ կերպարով եւ ապա 1976-ին անոր պահ դրուիլն ու աւելի ուշ կորսուիլը, Քեստենեան նշեց, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին լիբանանեան եւ սուրիական ճակատներու հրամանատար Ճեմալ Փաշա յատուկ հոգածութեամբ մօտեցած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին (որ այդ շրջանին կը կոչուէր Սուրիական բողոքական քոլեճ)` ապահովելու համար անոր բժիշկներուն ծառայութիւնը թրքական ռազմաճակատներուն վրայ: Ըստ Քեստենեանի, այս համալսարանէն շրջանաւարտ 28 բժիշկներ եւ դեղագործներ նահատակուած են Համաշխարհային Ա. պատերազմին թուրքերու կողմէ, որոնցմէ միայն 16-ը յիշուած են յուշատախտակին վրայ: Այս առիթով կատարած իր յատուկ ուսումնասիրութենէն մէջբերում կատարելով` Քեստենեան յիշեց, թէ իր այս քայլով կը յուսայ յայտնաբերել յուշատախտակին մէջ նշուած 17 հայ բժիշկներու ընտանեկան պարագաները: Նշենք, որ նշեալ նահատակներու կենսագրականները ընդգրկող Քեստենեանի վաւերական ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի երէկուան թիւով, իսկ անոր անգլերէն ամփոփումը ընդգրկող պրոշիւրը բաշխուեցաւ ձեռնարկի ընթացքին:
Ապա Սեֆերեան կրկին խօսք առնելով բեմ հրաւիրեց համալսարանի ուսանողական խորհուրդի փոխնախագահ` Ճօ Իտը, որ իր հպարտութիւնը յայտնելով այս առիթին համար` մեծապէս գնահատեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտ բժիշկներու ազնիւ ու վեհանձն կեցուածքը, բժիշկներ, որոնք իրենց կեանքին գնով փրկեցին ուրիշները:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ համալսարանի նախագահ դոկտ. Փիթըր Տորմըն, որ յայտնեց, թէ հակառակ պատմագէտ ըլլալուն, զարմանքով տեղեկացած էր «համալսարանի պատմութեան այս կարեւոր եղելութեան, որ դժբախտաբար ցարդ մոռցուած էր»: «Հոս եկած ենք ոչ միայն յարգելու այդ նահատակ բժիշկներու յիշատակը, այլեւ` վերակենդանացնելու եւ վերանորոգելու անոնց թողած աւանդն ու յիշատակը, որ համակ զոհաբերութիւն եւ ազնուութիւն կը բուրէր», յայտնեց դոկտ. Տորմըն եւ աւելցուց. «Անոնց յիշատակը վերակենդանացնելով մենք կը վերյիշենք Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի առաքելութիւնը, որ օրրանը դարձած է զանազան քաղաքակրթական ենթահողերով ուսանողներ համախմբելու եւ զանոնք ընկերային ծառայութեան ու զոհաբերութեան մղելու: Անոնց կենսագրականները կարդալով կը նկատենք, թէ ինչպիսի՛ աշխուժ գործունէութիւն տարած են անոնք համալսարանի իրենց գիշերօթիկային կեցութեան եւ ուսանողութեան ընթացքին»: Ան խորապէս դրուատեց Լիբանանահայ աւանդներու ակումբին այս նախաձեռնութիւնը` իր հիացմունքը յայտնելով Հրաչ Քեստենեանի ցուցաբերած յանձնառութեան ու վճռակամութեան նկատմամբ:
Ապա Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» նուագախումբէն չորս երիտասարդ-երիտասարդուհիներ` Լոռի Մոմճեան, Կասիա Էճիտեան, Հայկ Աշգարեան եւ Եսուկ Սգայեան կիթառի վրայ նուագեցին «Արդեօք ովքեր են» ազգային երգն ու այլ եղանակներ:
Ապա, երեսփոխան Բագրատունի եւ դոկտ. Փիթըր Տորմըն միասնաբար կատարեցին պրոնզէ յուշատախտակին քողազերծումը:
- 0 Comments
- 269 views
- Tweet
Email
Print




