Sunday May 26, 2013

Աւետելով «Սեւր 2015 Միութեան» Կողմէ Յուշակոթողի Ծրագիրը. Ժերար Կերկերեան Ֆրանսախօս Հեղինակներու Գիրքերու Ցուցահանդէսին Մակագրեց Իր Գիրքը

By adminx - Fri Nov 02, 7:19 am

20-րդ տարին ըլլալով յաջորդաբար ֆրանսախօս հեղինակներու գիրքերու ցուցահանդէսը վերստին խանդավառեց հայ թէ ոչ հայ ֆրանսախօս գրասէրները` իր կազմակերպած գրախօսական, վերլուծական թէ մակագրումի յատուկ ելոյթներով:

Այս ծիրին մէջ, ծագումով լիբանանահայ Ժերար Կերկերեան երէկ` հինգշաբթի, 1 նոյեմբեր երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի «Պիել» ցուցասրահի «Վըրճըն» ցուցաբաժինին մէջ մակագրեց իր մէկ գիրքը:

«Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով Կերկերեան յայտնեց, որ հայ-թրքական տագնապին վերաբերող իր աշխատութիւնը  լոյս տեսած էր 2011-ին` Ֆրանսա: Խորքին մէջ անիկա իր դոկտորական թէզն է, որ պիտի ներկայացնէր Փարիզի համալսարանը:

Անդրադառնալով գիրքի բովանդակութեան` Ժերար Կերկերեան յայտնեց, որ անիկա կ՛անդրադառնայ հայ-թրքական տագնապին եւ վերջին շրջանին ստորագրուած Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն:

Կերկերեան անդրադարձաւ արձանագրութիւններու վիճելի կէտերէն սահմաններու եւ Եղեռնի պատմական իրողութեան գծով հայկական եւ թրքական տեսակէտներուն: Հիմնական երեք հարցեր կ՛արծարծէ այս գիրքը, թէ` Եղեռնը պատմական իրողութիւն է եւ հետեւաբար` թրքական կողմը յանցաւոր է ու առ այդ հատուցելու հարկադրուած:

Երկրորդ` հատուցումը ինքնին, ներում հայցելու կողքին, ունի նաեւ իր հողային հատուցման պահանջի բաժինը, որ դարձեալ վիճելի կէտ է Թուրքիոյ համար: Երրորդ` Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, երբ տակաւին եւս կանգուն մնացած կոթողներ լիովին կը փճացուին թուրքերու կողմէ ինչ-ինչ պատրուակներու տակ:

Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ գիրքը լոյս տեսած է ֆրանսերէնով, արդեօք կը մտածէ՞ հայերէն թարգմանութեան մասին, Կերկերեան յայտնեց, թէ նման առաջարկ մը ստացած է Հայաստանի պատկան մարմիններէն, սակայն արեւելահայերէնի վերստուգման լեզուական հմտութիւնը չունենալով` վերապահ է:

Ժերար Կերկերեան Լիբանանէն Ֆրանսա մեկնած եւ հոն իր համալսարանական մասնագիտութիւնը կատարելագործած է «Փարիզ-2» համալսարանին մէջ: Ան նաեւ մասնագիտացած է Փարիզի Քաղաքական ուսումնասիրութեանց հիմնարկին մէջ: Իսկ Փարի Տեքարթ համալսարանին մէջ մասնագիտացած է հոգեբանութեան ճիւղին մէջ: Ան աշխուժ գործունէութիւն ունի հայկական եւ միջազգային վարկ վայելող կազմակերպութեանց մէջ: Իր ուսումնասիրութեանց առանցքը կազմած է հայկական հարցը` Հայոց ցեղասպանութեան թէ արցախեան պայքարի բնաբաններով: Ան անդամ է «Օպզերվաթուար Արմենիեն»-ի:

Պատասխանելով իր յառաջիկայ քայլերուն գծով «Ազդակ»-ի հարցումին` ֆրանսահայ փաստաբան-քաղաքագէտը յայտնեց, որ կը ծրագրէ Սեւրի (Ֆրանսա) Մխիթարեաններու (երբեմնի) վարժարանին մէջ զետեղել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթող` «Սեւր 2015 միութեան» նախաձեռնութեամբ, որուն նախագահն է ինք:

Նշենք, որ «Պիել»-ի ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 4 նոյեմբեր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00:

Leave a Reply

Advertisement