Monday May 20, 2013

Ռուբէն Հախվերդեան Պէյրութի Մէջ Զոյգ Երգահանդէս, Յիշատակելի Հանդիպումներ

By adminx - Fri Nov 02, 5:42 am

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Հայրենի երգիչ, հեղինակային երգերու մեկնաբան, նորարար գուսան Ռուբէն Հախվերդեանի առաջին այցելութիւնը չէր: Ան կրկին կու գար Լիբանան` «բարեւելու» զինք սիրող երիտասարդները եւ երգարուեստի խնկարկուները: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով մեզի հետ է դարձեալ, բայց այս անգամ` նորութեան մը յաւելումով. Ռուբէն իրեն հետ բերած է երկու երաժիշտ-նուագողներ` աննման կիթառահար Յակոբ Ջաղացպանեանը եւ ձեռնադաշնակի վարպետ Գէորգ Մովսիսեանը:

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահն էր ընտրուած յարմարագոյն վայրը զոյգ երգահանդէսներու, շաբաթ 27 եւ կիրակի 28 հոկտեմբեր 2012:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան բարի գալուստի խօսքը կը ներկայացնէ Սիլվա Քիւրքճեան, կարճ ծանօթացումով մը Ռուբէնին, թէ ան մեկնաբանն է յոյսի, կարօտի, սիրոյ, հայրենասիրութեան զգացումներու:

Բեմին վրայ նոյն Ռուբէնն է, ինքնավստահ, առանց բարդոյթի եւ իբրեւ վաղեմի բարեկամ: Կիթառը կուրծքին, կը սկսի երգել. «Սա Երեւանն է»: Իրեն հետ ներկաները կը փոխադրուին Երեւան, որ «մեր տունն է»: Լիբանանահայերս շատոնց ունինք այն գիտակցութիւնը, թէ «Երեւանը մեր տունն է», կ՛ուզենք օր առաջ հասնիլ հոն ու տեղաւորուիլ, գոնէ լեցնելու Երեւանը լքողներուն դատարկ տուները… Այս միտքերը կ՛ունենանք անկասկած, որովհետեւ սա մեր հայրենիքն է, որուն փողոցներուն մէջ իր կեանքը ապրած ու անցուցած է ինքնուրոյն յղացումներու հեղինակ, բանաստեղծ, յօրինող ու երգիչ-մեկնաբան Ռուբէն Հախվերդեան: Ան վաթսունամեայ երիտասարդն է, որովհետեւ ստեղծարար հոգին եւ միտքը ծերութիւն չեն ճանչնար, նոյնիսկ` «Յիսունից յետոյ»…

Բնական իրողութիւն է, թէ տարիներու «ձիւներն» ու բուքերը, «Հեռացած տղերքը» եւ «Կարմիր կակաչները» մի քիչ թանձրացնէին ձայնային լարերը, ինքնատիպ աշուղին երգի ելեւէջները, որոնց արձագանգը կարծես կու գար Հայաստանի լեռներուն ընդերքէն, թաւ ու բամբ, գոչելու համար` «Ով քնած է, թող արթնանայ» որոտով: Այս է Ռուբէն Հախվերդեանին կոչն ու հրաւէրը:

Այս հանդիպման նորութիւնը շքեղ էր. իրեն ընկերացող երկու հրաշալի երիտասարդներ, մէկը գրկած կիթառ, Յակոբ Ջաղացպանեանը, միւսը` Գէորգ Մովսիսեան` ուսած ձեռնադաշնակ-աքորտէոնը: Երկուքով այնպէ՛ս հնչեղ ու սրտառուչ, այնքա՛ն հիացնող ու պարտադրող, որ… այո՛, մե՛նք ենք, Հայաստանի ծնունդներ, որ կը յաղթենք միջազգային մրցանքներու, մեր տաղանդին գերազանցութեամբ: Իմաստուն է Ռուբէն, որ մեզի ծանօթացուց այս երկու հրաշալիքները. էր երբեմն` ունէինք մեր աքորտէոնիսթ Ալեքսան Մնակեանը, վաղամեռիկ այդ հրաշալի երիտասարդը: Յիշեցինք զինք այս առիթով ու կեդրոնացանք Գէորգին եւ Յակոբին նուագին վրայ` գեղեցկացնելով Ռուբէնին բանաստեղծութիւնները:

Ըսինք` բանաստեղծութիւն: Մեր կարծիքով, ամէն բանէ առաջ Ռուբէն Հախվերդեան բանաստեղծ է, անսահման երեւակայութեամբ, գունագեղ պատկերներով, ջերմ սրտով եւ անկեղծ յանդգնութեամբ: Մնայունը եւ յաւերժականը խօսքին տիրապետութիւնն է:

Շնորհակալութիւն` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ մեզ ոգեւորեց անգամ մը եւս հայրենի հպարտութեամբ, գեղեցիկին եւ մնայուն արուեստին գիտակցութեամբ: Ու ըսել, թէ մեր ժողովուրդը գիտէ ջոկել որոմը ցորենէն: Կը ճանչնայ, թէ ո՛վ է արուեստագէտը, բանաստեղծը, երաժիշտը, նուագողն ու միւս հանճարները:

«Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահը կարծէք պիտի պայթէր բուռն ծափողջոյններով «պռաւօ»-ներով, երգահանդէսը անվերջ շարունակելու տրամադրութեամբ:

Վայելք էր, ըմբոշխնում` իւրաքանչիւր հանդիսականի սրտին խօսող, վերյիշումներ յուշող երեկոյ մը: Շնորհակալութի՛ւն…

 

Leave a Reply

Advertisement