Friday May 24, 2013

50 Տարի Առաջ ( 2 Նոյեմբեր 1962 )

By adminx - Fri Nov 02, 5:31 am

Հետաքրքրական

Ծիծաղի Ակադեմիա

Ֆրանսայի մէջ վերջերս հիմնուած է Ծիծաղի եւ կենդանի սրամտութեան (հիւմոր) ակադեմիա մը, որուն նպատակն է մարդոց սորվեցնել լիահագագ խնդալ` առօրեայ կեանքի հոգերն ու տաղտուկները մոռնալու համար: Ակադեմիայի նախագահն է Ֆրանսուա Քարատեք, իսկ պատուակալ անդամները` ժամանակակից ֆրանսական արուեստի եւ մտքի ականաւոր շատ մը դէմքեր: Ակադեմիային պատուակալ նախագահն է Ռընէ Քլեր, իսկ աջակիցները` Ֆրանսուազ Սական վիպագրուհին եւ Ռայմոն Քենօ երգիծագիրը:

Այս տեսակ ակադեմիաներ արդէն հիմնուած են` Արեւմտեան Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Իտալիոյ, Պելճիքայի, Ֆինլանտայի եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Ակադեմիայի նպատակներէն մէկն է նաեւ ուսումնասիրել կատակը` իբրեւ պատմական եւ ընկերային երեւոյթ: Փարիզի ժողովրդական արուեստներու եւ աւանդութեանց թանգարանը խոստացած է ակադեմիային տրամադրել սրահ մը` կատակներու մնայուն ցուցահանդէսի մը համար: Ակադեմիայի նպատակներն են նաեւ` ապրիլ 1-ը ազգային տօն հռչակել, տարուան մէջ օր մը բոլոր աղտոտ լաթերը (գաղտնիքները) երեւան հանելու միջնադարեան սովորութիւնը վերահաստատել, ինչպէս նաեւ` տարուան համալսարանական լաւագոյն խաղին (կատակին) մրցանակ հաստատել:

Ակադեմիային կեդրոնը կը գտնուի հարաւային Ֆրանսայի մէջ:

Պեթհովենի Համանուագը

Պեթհովեն երբեք չլսեց իր իններորդ համանուագը` Ուրախութեան համանուագը,  որովհետեւ, բոլորովին խուլ էր յօրինած միջոցին: Մեծանուն երգահանը իր ուրիշ շատ մը գործերն ալ չկրցաւ լսել:

 

Հայկական Կեանք

Իրանահայ Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազանին
Ղարաղան
Այցելութիւնը

Գրած էինք, թէ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Արտակ սրբազան, ընկերակցութեամբ Թեհրանի թեմական խորհուրդի անդամներուն, այցելած է Ղարաղանի աղէտուած շրջանը:

Սրբազանը այցելելէ վերջ աղէտուած բոլոր գիւղերը եւ մխիթարելէ վերջ վերապրողները, գացած է 32 զոհերու հողաթումբին մօտ եւ հոգեհանգիստ կատարած: Սրբազանը եւ իր ուղեկիցները, աւերակուած գիւղի կմախքանման փլատակներու սոսկատեսիլ տեսարանին առջեւ, եւ զինք շրջապատող սգակիր հայրենակիցներու կարեկցութիւն եւ գութ աղերսող արտասուաթոր աչքերուն ի տես խորապէս յուզուած են: Սրբազանը սրտառուչ խօսքերով աշխատած է մխիթարել դժբախտ հայրենակիցները եւ իւրաքանչիւր ընտանիքին 10 հազար ռիալի նպաստ բաշխած է:

Իր այցելութեան ընթացքին սրբազանին ներկայանալով երախտագիտութիւն յայտնած են նաեւ պարսիկ գիւղացիները, որոնց եւս առաջին անգամ օգնութիւն հասցուցած էր թեմական խորհուրդը:

Կարեւոր Ձեռնարկ Մը Յակոբ Օշականի
Մահուան
15-րդ Տարեդարձին Առթիւ

Մեզի կը հաղորդուի, թէ Պուրճ Համուտի Համազգայինի Լեւոն Շանթ թատերախումբը, ղեկավարութեամբ Թաթուլ Այնէճեանի, կը ծրագրէ 1963-ի յունուարի վերջաւորութեան ներկայացնել Յակոբ Օշականի անտիպ թատերախաղերէն «Նոր պսակը»` գրագէտի մահուան 15-րդ տարեդարձին առթիւ:

Պոլսոյ ընտանեկան բարքերէն առնուած այս ողբերգութիւնը առաջին անգամ բեմադրուած է Պոլիս 1922-ին:

Թատերախումբը մեծ թափով սկսած է պատրաստուիլ յաջողութեամբ պսակելու համար ձեռնարկը:

Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Թրթռեան

Արտաւազդ վարդապետ Թրթռեան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանաւոր միաբաններէն է:

Կուսակրօն ձեռնադրուած է 1952-ին: Ուսումնատենչ աբեղայ, կը հանդիպի կարգ մը դժուարութիւններու:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի օծումէն ետք, վեհափառ հօր արտօնութեամբ ու կարգադրութեամբ, եւ համաձայն իր փափաքին, 1959-ին կ՛ուղարկուի Լիոն, ուր եօթը ամիս կը հետեւի Ֆաքիւլթէ Քաթոլիք Տը Լիոնի համալսարանին մէջ աստուածաբանութեան դասընթացքներուն: Կ՛անցնի Փարիզ, ուսումը շարունակելու` Էնսթիթիւ Քաթոլիք Տը Փարիիի համալսարանին մէջ: Յաջողութեամբ կ՛աւարտէ Լիսանս է Թէոլոժիի դասընթացքը:

Ուսման աստիճանը ստանալու համար դժուարութիւններու կը հանդիպի: Որովհետեւ, աստիճանը ստացողը, համալսարանի օրէնքով, կաթոլիկ եկեղեցւոյ դաւանանքին հաւատարմութեան ուխտը կ՛ընէ: Հարցը կը հասնի Հռոմէն: Հռոմէն, ճիշդ ամավերջի քննութիւններու օրերուն, ի նպաստ հայր սուրբին վճիռ կ՛արձակուի: Քննութիւնները մեծ յաջողութեամբ կ՛անցընէ եւ 1961-ին կը ստանայ Լիսանսիէ ան Թէոլոժիի վկայական-տիտղոսը:

1961-1962 տարեշրջանին, Փարիզի Էնսթիթիւ Տը Քաթոլիքի եւ մանաւանդ Սորպոնի համալսարաններուն մէջ, կը հետեւի փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն:

Վերջերս, Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ, հայր սուրբին հետ երկար ու մտերիմ խօսակցութիւն մը կ՛ունենանք: Մեր այն հարցումին, թէ ի՞նչ գործունէութիւններ կը նախատեսէ, կամ որո՞նք են իր ցանկութիւնները` հայր սուրբը շատ համեստօրէն կը պատասխանէ.

- Այսօր, կապուած կը մնամ դպրեվանքին, ուսուցչութիւն կ՛ընեմ եւ ստանձնած եմ «Հասկ»-ի խմբագրապետութիւնը:

Հարց կու տանք նաեւ Անթիլիասի դպրեվանքին վերապահուած դերին եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին:

Հայր Արտաւազդ ինքնավստահ շեշտով կը պատասխանէ.

- Մեր ամբողջ ճիգն է, դպրեվանքին աւելի ուժ տալ, աւելի բարձրացնել մակարդակը, մանաւանդ ուսումնական տեսակէտէ: Որքան կարելի է, հայ ժողովուրդին եւ Հայոց եկեղեցւոյ լաւապէս  պատրաստուած, գիտակից եւ զոհաբերութեան ոգիով տոգորուած եկեղեցականներ պատրաստել: Կաթողիկոսարանը վերածուած տեսնել սփիւռքի հայ ժողովուրդին յոյսին եւ լոյսի մէկ վառարանին, որ այնքան կ՛երազէր երանաշնորհ Գարեգին կաթողիկոս: Զարեհ Ա. կաթողիկոսի հովանիին տակ մեր բոլոր ճիգերը լարուած են այդ իրագործումին:

Լաւագոյն տպաւորութիւններով կը բաժնուինք հայր սուրբէն:

Իր կոչումին գիտակից, զարգացած, հաւատաւոր ու ջերմեռանդ հոգեւորական մըն է Արտաւազդ վրդ. Թրթռեան, խոստմնալից ապագայով:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Leave a Reply

Advertisement