Saturday May 25, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Fri Nov 02, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Շաբաթավերջի տեղափոխութիւն մը կրնաք ունենալ, բայց եթէ առաւօտուն կանուխ ճամբայ ելլէք, կ՛օգտուիք, խճողումէն կը փրկուիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխուժ օր մը պիտի ունենաք ընտանեկան թէ աշխատանքային գործերը կարգադրելու եւ աւարտելու` կիսատ մնացած ծրագիրները: Օրը յաջող է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երբ ժպտիք, աշխարհն ալ պիտի ժպտի ձեզի հետ եւ պիտի փոխադարձէ ձեր կենսունակութիւնը: Տխրելով ոչինչ կը շահիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դուք ձեզ մի՛ յոգնեցնէք` աջ ու ձախ վազվզելով: Աշխատեցէք կազմակերպուած ծրագրով, որպէսզի հանգիստ տրամադրութեամբ աշխատիք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ճաշի հրաւիրեցէք ձեր սիրած անձերը` միասնաբար ուրախ շաբաթավերջ մը անցընելու: Ձեր ազգականները դուք չէք ընտրեր, բայց ձեր բարեկամները դուք կ՛ընտրէք` ըստ ձեր խառնուածքին:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կասկածամիտ մի՛ ըլլաք, որովհետեւ կասկածը կը դանդաղեցնէ ձեր գործերը: Վստահեցէք ձեր անձին, ձեր կարողութեան, ամէն հարց կը դիւրանայ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ ոեւէ մէկուն պիտի օգնէք, փոխադարձ ոչինչ ակնկալեցէք, ոչ ալ` շնորհակալիք, այսպիսով դուք կը նկատուիք վեհանձն անձ մը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լաւատես եղէք, որպէսզի դիւրութեամբ կատարէք ձեր աշխատանքը եւ յառաջդիմէք: Յոռետեսութիւնը կը խանգարէ յառաջանալու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պարտաւոր չէք միշտ բացատրութիւն տալու ձեր շուրջիններուն` ձեր ընելիքներուն մասին: Ուրիշները ինչ որ կ՛ընեն ձեզ, չի հետաքրքրեր:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանքի կամ այլ հարցի մը համար ձեր ուզած ժամադրութիւնը կրնայ փոխուիլ, որովհետեւ ուրիշներու ժամանակացոյցը չի յարմարիր ձեր ժամանակին: Պէտք է յարմարելու ձեւ մը գտնէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սիրոյ պատմութիւն մը պիտի ներգրաւէ ձեզ: Եղէք տրամաբանող եւ նոյն ատեն` ժամադրութիւն յարգող: Կրնաք նոր բարեկամութիւն մը ունենալ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանիքին մէջ տագնապ մը ունիք, հետեւաբար կարիքը ունիք օգնութեան: Յայտնեցէք, որ չէք կրնար առանձին կատարել օրուան գործերը:

Leave a Reply

Advertisement