Սարգսեան Եւ Ահմատինեժատ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան. Հայաստան – Իրան Յարաբերութիւնները Կ՛ամրապնդուին
By adminx - Thu Nov 01, 7:49 am
- 0 Comments
- 152 views
- Tweet
Email
Print
Երեքշաբթի օր Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ նշած է, որ տնտեսական համագործակցութիւնը կ’օգնէ ամրապնդելու Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ դարերու ընթացքին ստեղծուած բարեկամական յարաբերութիւնները: Այս մասին կը յայտնէ HayNews-ը` վկայակոչելով իրանական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այդ ընթացքին Սերժ Սարգսեանը դրական գնահատած է վերջերս Երեւանի մէջ կայացած հայ-իրանական միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի աշխատանքները:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին երկու նախագահները ընդգծած են յարաբերութիւններու ընդլայնման կարեւորութիւնը երկու պետութիւններուն միջեւ:
- 0 Comments
- 152 views
- Tweet
Email
Print



