Friday May 24, 2013

Նախագահական Ընտրութիւններու Հարցով. ՀՅԴ-ն Յառաջիկային Հանդէս Պիտի Գայ Յայտարարութեամբ

By adminx - Thu Nov 01, 7:47 am

Աղուան Վարդանեան

«Հրապարակ» թերթը երէկ գրած է, թէ իբր անցեալ ուրբաթ օր տեղի ունեցած ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի նիստին ժամանակ ՀՅԴ-ն որոշած է հետեւեալները.

ա) Ստեղծուած քաղաքական-հասարակական պայմաններուն մէջ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի չմասնակցի սեփական թեկնածուով,

բ) Սակայն պոյքոթի պիտի չենթարկէ ընտրութիւնները, եթէ «բնականոն», իրենց գաղափարական գիծին համապատասխան թեկնածու եղաւ, պիտի պաշտպանեն, եթէ ոչ` առանց պոյքոթի մասին բարձրագոչ յայտարարութիւններու պիտի չմասնակցին:

«Երկիր» հարց տուաւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանին, որ արդեօ՞ք տեղեկութիւնը կը համապատասխանէ իրականութեան, եւ միթէ՞ ՀՅԴ-ն արդէն որոշում տուաւ:

Աղուան Վարդանեան յայտարարեց`

ա) ՀՅԴ-ն նախագահական ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան ձեւաչափին վերաբերեալ որեւէ որոշում առայժմ չունի:

բ) ՀՅԴ-ն յառաջիկային հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ ձեւակերպուած պիտի ըլլան Հայաստանի պետականութեան առջեւ դրուած հիմնարար խնդիրները, եւ այդ խնդիրները պիտի դրուին քաղաքական օրակարգին վրայ, քննարկուին հասարակութեան լայն շերտերու եւ քաղաքական ուժերուն հետ:

«Եւ միայն այդ հարցերու քննարկումէն ետք մենք պիտի անդրադառնանք մասնակցութեան մեր ձեւաչափին: Բազմիցս ըսած ենք, որ այդ լիազօրութիւնը վերապահուած է ՀՅԴ Գերագոյն ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբերին», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

Ան նաեւ թերթերուն եւ կայքէջերուն խորհուրդ տուաւ սխալ տեղեկութիւններով չառաջնորդուիլ. ՀՅԴ-ն այն քաղաքական ուժն է, որ իր որոշումը կու տայ ինքնուրոյն եւ անկախ կերպով:

 

 

Leave a Reply

Advertisement