Wednesday May 22, 2013

Սփիւռքի Նախարարը Բարձրացուցած Է Սուրիահայերուն Համար Հայաստանի Մէջ Սեփական Գործ Հիմնելու Հարցը

By adminx - Thu Nov 01, 7:45 am

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի մօտ երէկ տեղի ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են համահայկական հոգեւոր եւ աշխարհիկ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Խորհրդակցութեան նպատակը Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերու հիմնախնդիրներու քննարկումն էր, այդ ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքի գնահատումը եւ յիշեալ կառոյցներուն կողմէ յառաջիկայ ընելիքներու ճշգրտումը:

Սփիւռքի նախարար Յակոբեան անգամ մը եւս նշած է, որ սուրիահայերու հիմնախնդիրները Հայաստանի նախագահի անմիջական ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուին, եւ արդէն ընդունուած են Հայաստանի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ համապատասխան նախարարութիւններու` մէկ տասնեակէ աւելի որոշումներ, կատարուած են օրէնսդրական շարք մը փոփոխութիւններ:

Զեկուցումով հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան: Նշուած է, որ սուրիահայերը կարելիութիւն ունին անվճար բուժօգնութիւն ստանալ առաջնային բժշկական սպասարկման համար, դիւրացուած է անձնագիրերու եւ երկիր մուտք գործելու արտօնագիրներու տրամադրման հոլովոյթը: Հանուած են փաստաթուղթերու ժամկէտանց ըլլալու պարագային սահմանուած տուգանքները: Չեն գանձուիր մեքենաներու ժամանակաւոր ներմուծման պարագային սահմանուած մաքսային վճարները: Երեւանի մէջ կը գործէ սուրիական կրթական ծրագիրով դպրոց, ուր կը յաճախեն 270 աշակերտներ, կը դասաւանդեն սուրիահայ ուսուցիչներ: Սուրիահայերու կողմէ ստեղծուած է «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը, որ կը զբաղի Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերու խնդիրներու համակարգումով, նիւթական աջակցութեան կազմակերպումով:

Սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման նպատակով գումարուած է միջգերատեսչական յանձնախումբի նիստ, որուն ընթացքին ձեւակերպուած է առաջ քաշուած հիմնախնդիրներու ցանկը եւ ներկայացուած է Հայաստանի վարչապետին:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ներկայացուցիչ Լիլիթ Գալստեան ներկայացուց ՀՅԴ-ի կողմէ ստեղծուած «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը` սուրիահայերուն սննդամթերքով աջակցելու, շուրջ 60 թոն սննդամթերք հաւաքելու հոլովոյթին մասին:

Ըստ Հայ օգնութեան միութեան ներկայացուցիչ Նարինէ Գալստեանի, իւրաքանչիւր ուրբաթ օր հանդիպումներ կը կազմակերպուին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, կը ճշգրտուին սուրիահայերու պահանջներն ու ցանկութիւնները: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ներկայացուցիչ Դաւիթ Յակոբեան տեղեկացուց, որ ծրագիրներ կ՛իրականացուին` սուրիահայ երիտասարդներու հայաստանեան առօրեան կազմակերպելու ուղղութեամբ:

Ըստ զեկուցումներուն, նշանակալի աշխատանք կատարած է նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը, որ պատրաստակամութիւն յայտնած էր աջակցութիւն ցուցաբերել սուրիահայութեան:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement