Sunday May 19, 2013

Րաֆֆի Յովհաննէսեան Կը Պատասխանէ Յովիկ Աբրահամեանի Յայտարարութիւններուն

By adminx - Thu Nov 01, 7:44 am

Ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ արձագանգեց Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի այն յայտարարութեան, թէ գործող նախագահը որեւէ լուրջ մրցակից չունի:

«Անշուշտ եթէ իշխող կուսակցապետերը եւ ընտրական արշաւներու պետերը նախորդներու օրինակով յառաջիկայ ընտրութիւնները «վարեն» իրենց հակասահմանադրական մեղսագործութիւններով` մեծ գումարներ, նիւթական այլ արժէքներ բաժնելով` իբրեւ կաշառք, համայնքապետերուն ստիպելով ու սպառնալով, հարիւրաւոր պետական շէնքեր օգտագործելով նեղ կուսակցական նպատակներու համար, շահագործելով մեր դպրոցներու, հիւանդանոցներու, հանրային այլ հաստատութիւններու աշխատակազմերը, մեր հպարտութեան ակունք հանդիսացող զինուորները` սովորական միւս իրաւախախտ խումբերու հանգոյն, ուղարկելով դէպի պարտադիր ու բազմակի քուէարկութեան եւ այլն, ապա, անշուշտ, գործող անայլընտրանքը «լուրջ» մրցակից  պիտի չունենայ», յայտարարեց  Յովհաննէսեան:

Յայտարարութեան մէջ, որուն բնագիրը տարածած է Ժառանգութեան լրատուական ծառայութիւնը, Յովհաննէսեան համոզում կը յայտնէ, որ իրապէս ազատ եւ արդար ընտրութեան պարագային իրականութիւնը ուրիշ պիտի ըլլայ` «Հայաստանը պիտի ունենայ ժողովուրդին պատկանող մրցակիցներ, պիտի ունենայ թէ՛ նոր նախագահ, թէ՛ արժանապատիւ քաղաքացի, թէ ամուր պետութիւն ու շէնշող ապագայ»:

«Թող սեփական մեղքերը չպահեն: Իսկ եթէ չեն վախնար իսկական մրցակցութենէն` համապատասխան քայլեր առնելու պահը հիմա է: Մեր հայրենիքի վաղուան օրը մեր ժողովուրդի ձեռքին մէջ է եւ անոր կամքին մէջ: Մենք, ի վերջոյ, կ՛ուզե՞նք մեր խօսքն ու գործը մէկ ընել: Ուրիշ տեղ չնայինք», ըսաւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը:

 

Leave a Reply

Advertisement