Կառավարութիւնը Կատարեց Դիւանագիտական Անձնակազմի Նշանակումներ
By adminx - Thu Nov 01, 7:42 am
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:45-ին, Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 90 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, ինչպէս նաեւ կատարուեցան դիւանագիտական անձնակազմի նշանակումները:
Նախքան նիստը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետին հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց Էշրեֆիէի պայթումին մասին հետաքննութիւնը աւելի աշխուժ եւ արագ թափով հետապնդելու:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ ինք սկսած է խորհրդակցութիւններու շարքի մը` Ազգային երկխօսութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու, աւելցնելով, որ ինք նոր կառավարութիւն մը կազմելու առումով երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու չէ նախաձեռնած, այլ` կարգ մը այցելուներ են, որոնք այդ մասին քննարկումներ ուզած են կատարել:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ եթէ կառավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու կամք կայ, ապա անիկա պէտք է ըլլայ դէպի աւելի լաւը, այսինքն` դէպի ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւն:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ ընդդիմութիւնը ազգային երկխօսութեան իր մասնակցութեան շրջագիծին մէջ նախապայմաններ չի կրնար պարտադրել:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով միջազգային նախանձախնդրութիւն կայ:
Նախագահ Սլէյման ողջունեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն որդեգրած միջոցառումները, յատկապէս անոնց կողմէ դէպի վարչապետարան ներխուժման փորձը արգիլելու քայլը: Ան աւելցուց, որ ինք բանակին եւ ապահովական կառոյցի պատասխանատուներէն իմացած է յաջորդ հանգրուանին անոնց որդեգրելիք ապահովական միջոցառումներուն մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Սլէյման Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւող նախարարական յանձնախումբէն խնդրեց աւելի գործնական ըլլալ` զանոնք ազատ արձակելու իմաստով:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան դէմ իւրաքանչիւր դաւադրութեան պէտք է պատասխանել յաւելեալ աշխատանքով եւ կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելով:
Միքաթի դարձեալ կոչ ուղղեց փոխըմբռնումի եւ համախոհութեան:
Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը կը հսկէ լիբանանցիներուն եւ երկրին շահերուն` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են երկխօսութեան` հեռու մագլցողական քայլերէ, «որովհետեւ մենք չենք փափաքիր Լիբանանը անիշխանութեան մատնել եւ երկիրը դէպի անորոշութիւն առաջնորդել», ըսաւ ան:
Այթանիի Ազատ Արձակումը`
Խոչընդոտներու Դիմաց
Հակառակ անոր որ նախքան կառավարութեան նիստին սկսիլը, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի լրագրող Ֆիտա Այթանին արդէն իսկ հասած է Թուրքիա, ուշ երեկոյեան բացայայտուեցաւ, որ Այթանին ստանձնելու իմաստով հարցեր ծագած են:
Երեկոյեան Այթանի «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, թէ ինք կը գտնուի Սուրիա-Թուրքիա սահմանամերձ Պապ Սալամէ անցքին մօտ` շեշտելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնները զինք ստանձնելու իմաստով թերացումներ արձանագրած են:
Ան շեշտեց, որ Թուրքիա մուտք գործած է օրինաւոր կերպով, իսկ Թուրքիայէն օրինաւոր կերպով անցած է Սուրիա: Ան հաստատեց, որ ինք պարզապէս կրնայ Թուրքիայէն Լիբանան վերադառնալ, եթէ թրքական իշխանութիւնները արտօնեն:
Ի տես Այթանիի կատարած այս յայտարարութիւններուն, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատան հետ եւ անոր գործավարէն խնդրած, որ թրքական իշխանութիւններուն հետ գործակցի` Այթանին ստանձնելու համար:
Ուշ գիշերին արձանագրուած այս տաղտուկներէն ետք, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած են թրքական իշխանութիւններուն հետ, սակայն աւելի ուշ Այթանիի Թուրքիա մուտք գործելուն առումով հարցեր պատահած են:
Շարպել յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի անձամբ կապ հաստատած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ, որ խոստացած է, թէ Այթանիի հարցը լուծուի քանի մը ժամուան ընթացքին:
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print




