Էլիզապեթ Ճոնզ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան
By adminx - Thu Nov 01, 7:40 am
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու տեղակալ Էլիզապէթ Ճոնզ երէկ միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Լիբանան:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները. Ճոնզ նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն նամակ մը:
Ճոնզ նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Քլինթընի ողջոյններն ու զօրակցութիւնը` երկրին ապահովութիւնը պահպանելու իմաստով անոր առած քայլերուն, յատկապէս` երկխօսութեան անոր կոչերուն եւ ժողովրդավարական սկզբունքներուն նկատմամբ անոր տածած յարգանքին գծով:
Ճոնզ շեշտեց նաեւ պետական հաստատութիւններուն գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը եւ Լիբանանը անիշխանութեան հաւանականութենէն փրկելու կարեւորութիւնը:
Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշած է լիբանանեան բանակին կատարելիք իր զինուորական օժանդակութիւնները ամբողջացնել, որպէսզի բանակը երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իր դերը լիովին կատարէ:
Ճոնզ զօրակցութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք կեցուածքին:
Պըրրիի Մօտ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:
Ճոնզ Պըրրիին յանձնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն նամակ մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ Լիբանանը անիշխանութեան չմատնելու Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը:
Ճոնզ վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը` Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք կեցուածքին, ընդգծելով, որ պէտք է առաջքը առնել Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին
ունենալիք հետեւանքներուն:
Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ճոնզ-Ժեմայէլ Հանդիպում
Պիքֆայայի մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է, սակայն անկարելի է նման կառավարական կազմի մը ներկայութեան այդ առաջնահերթութեան պահպանումը:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան ժողովրդավարական բոլոր միջոցները օգտագործելու ընտրանքին` տապալելու համար կառավարութիւնը եւ կազմելու համար լիբանանեան քաղաքական բոլոր շերտերը ներկայացնող կառավարութիւն մը:
Ամերիկեան Դեսպանատան
Հաղորդագրութիւն
Ամերիկեան դեսպանատունը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Էլիզապեթ Ճոնզ Ուաշինկթընի ցաւակցութիւնները փոխանցեց Էշրեֆիէի պայթումին արձանագրուած զոհերուն համար:
Ճոնզ նշեց, որ լիբանանցիները կ՛արժեն կառավարութիւն մը, որ կը դրսեւորէ իր նպատակներն ու ձգտումները, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ Լիբանանի կայունութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
Ճոնզ դրուատեց նախագահ Սլէյմանի ջանքերը եւ պատասխանատու քայլերը` լիբանանցի ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութեան սկսելու առումով:
Ճոնզ շեշտեց, որ երկխօսութիւնը լիբանանեան ուղեգիծ է` աւելցնելով, որ
Ուաշինկթըն կը քաջալերէ առանց քաղաքական անիշխանութիւն ստեղծելու երկրին կացութիւնը մեղմելու անհրաժեշտութեան:
Էլիզապեթ Ճոնզ հաստատեց, որ Ուաշինկթըն նախանձախնդիր է ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Ճոնզի կատարած բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին անոր ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին: Միւս կողմէ, կը նախատեսուէր, որ Ճոնզ հանդիպումներ ունենար նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու այլ ղեկավարներու հետ:
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print




