Sunday May 26, 2013

Իսրայէլեան Ուժերը Առեւանգեցին Լիբանանցի Քաղաքացի Մը

By adminx - Thu Nov 01, 7:38 am

Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժերը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, սահմանամերձ Շեպաա շրջանին մէջ առեւանգեցին լիբանանցի քաղաքացի Խալիլ Նապաան, որ կը զբաղէր հողագործութեամբ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ խորհրդակցած է առեւանգուած քաղաքացիին ազատ արձակումին առնչութեամբ:

Միւս կողմէ, ՖԻՆԻՒԼ-ի պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ իրենք այս հարցին շուրջ հետաքննութիւն բացած են եւ իրենց հաղորդակցութիւններուն սկսած` Խալիլ Նապաան ազատ արձակելու նպատակով:

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր խստիւ դատապարտեց լիբանանցի քաղաքացիին առեւանգումը` նշելով, որ անիկա Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ յստակ ոտնձգութիւն է եւ աւելցնելով, որ անիկա Լիբանանի դէմ յարձակում կը նկատուի, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան դէմ խախտում:

Մանսուր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Նաուաֆ Սալամի հետ եւ անկէ պահանջեց Ապահովութեան խորհուրդը այդ մասին տեղեակ պահել:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement