Friday May 24, 2013

Ժոմպլաթ – Ուահապ Հանդիպում

By adminx - Thu Nov 01, 7:33 am

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Մուխթարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Երկու տիւրզի ղեկավարները ընդգծեցին նաեւ լիբանանեան պետութիւնը ամուր պահելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ այլ հաստատութիւններ հեղինակութիւններ են եւ երաշխիք Լիբանանի հզօրացման ու գոյատեւման:

Ժոմպլաթի եւ Ուահապի միջեւ հանդիպումին մանրամասնութիւններուն քաջատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, այդ հանդիպումը արդիւնք էր հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան յաջորդած կարգ մը ապահովական միջադէպերու:

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, հանդիպումին ընթացքին հաստատուած է նաեւ, որ Լեռնալիբանանի ապահովութիւնը կարմիր գիծ է, ինչպէս նաեւ շեշտուած, որ Լեռնալիբանանի մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերուն աշխատանքը ողջունելի է:

 

Leave a Reply

Advertisement