Wednesday May 22, 2013

«Ռուսիա Եւ Ֆրանսա Սուրիան Քայքայել Եւ Յարանուանական Հիմամբ Մասնատել Պիտի Չարտօնեն» Ըսաւ Լաւրով

By adminx - Thu Nov 01, 7:30 am

Լաւրով եւ Ֆապիւս

«Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Փարիզի մէջ յայտարարած է, որ «Ռուսիա եւ Ֆրանսա Իրանի նկատմամբ միջազգային վեցեակի վարմունքին միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը կը շեշտեն, ինչպէս նաեւ չեն ուզեր Սուրիան քայքայել եւ յարանուանական հիմամբ անոր մասնատումը արտօնել»:

Ան ըսաւ, որ եթէ Արեւմուտքը իր կեցուածքը չփոխէ, Սուրիոյ մէջ արեան բաղնիքը պիտի շարունակուի:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ապագային շուրջ Ռուսիոյ հետ տարակարծութիւնը ի զօրու կը մնայ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ մէջ յայտարարեց, որ «չենք կրնար սուրիական տագնապին նկատմամբ ձեռնածալ մնալ»` նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասած է 105 հազարի: Ան աւելցուց, որ «առանց միջազգային որոշումի, Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի չենք կրնար ստեղծել»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտնեց, որ Ատհայի տօնին ընթացքին զինադադարի հաստատման Սուրիոյ համամտութիւնը «խելացի քայլ մըն էր»: Ան սուրիական ընդդիմութիւնը ամբաստանեց զինադադարը չյարգելու յանցանքով:

Սալեհի շեշտեց, որ պէտք է սուրիական տագնապը լուծել քաղաքական կերպով: «Սուրիոյ մէջ որեւէ ժխտական զարգացում ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ շրջանի երկիրներուն, մասնաւորաբար դրացի երկիրներուն վրայ»:

Իրանի ազգային ապահովութեան բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Սայիտ Ժալիլի իր կարգին յայտնեց, որ «Ամերիկան եւ օտար երկիրները, որոնք սուրիական տագնապին կը միջամտեն, գիտակցեցան, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական լուծումը անկարելի է, եւ տագնապի լուծման միակ միջոցը բանակցութիւններն են»: Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ օտարներու միջամտութիւնը պատճառ կը դառնայ պատերազմի բոցերու յաւելեալ հրահրման:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Չինաստան իր այցելութենէն ետք այսօր Եգիպտոս պիտի այցելէ` Սուրիոյ տագնապի վերջին զարգացումներուն եւ Ատհայի տօնի զինադադարի ձախողութեան շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար:

Մինչ այդ, Իրաքի վարչապետի խորհրդական Ալի Մուսաուի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Իրաք Սուրիա ուղղուող օդանաւերու խուզարկման հարցին մէջ լուրջ է»` նշելով, որ «ասիկա մնայուն յանձնառութեան նման է, որովհետեւ Իրաք դէպի Սուրիա իր հողերուն կամ օդային տարածքին ճամբով զէնքի որեւէ փոխադրութիւն, ո՛ր կողմէ ալ ուղարկուած ըլլայ, կ՛արգիլէ եւ այդ մէկը կատարելու մէջ ոեւէ մէկու ճնշումին չ՛ենթարկուիր»:

Երէկ Ռիֆ Տիմաշքի Սայիտա Զէյնապ շրջանին մէջ պայթում մը 7 զոհ խլեց: Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նոյն վայրին մէջ երկրորդ ական մը վնասազերծուած է:

Միւս կողմէ, թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Տիգրանակերտի մէջ թրքական օդուժի զօրակայանէն թռիչք առած են «Էֆ-16» տիպի կործանիչներ, որոնք հսկած են թուրք-սուրիական սահմանին: Ռումբերով զինուած օդանաւերը մօտեցած են սուրիական սահմանին, սակայն չեն խախտած զայն: Անոնց թռիչքը տեւած է շուրջ երկու ժամ:

Մինչ այդ, ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթը հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմութեան տարբեր խմբաւորումներու ղեկավարները յառաջիկայ շաբաթ Քաթարի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն` կազմելու համար ընդդիմութեան նոր ղեկավարութիւն մը, որ պիտի փոխարինէ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը, որ, ըստ շատերու, ներքին տարակարծութեանց պատճառով ազդու չէ: Ամերիկեան վարչակարգին կարծիքով` նոր խորհուրդը կրնայ վերածուիլ փոխանցման կառավարութեան մը, որ կրնայ միջազգային ընտանիքին կամ նոյնիսկ սուրիական վարչակարգին հետ բանակցիլ:

Ըստ պարբերաթերթին, ամերիկացի պաշտօնատարներն ու ռուս ընդդիմադիրները այս նախաձեռնութիւնը կը կոչեն «Ռիատ Սէյֆի ծրագիրը»` ակնարկելով Սուրիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ եւ յայտնի գործարար Ռիատ Սէյֆի, որ այս նոր կազմակերպութեան մէջ առանցքային դէմքի պիտի վերածուի:

Leave a Reply

Advertisement