Պերլինի Մէջ Նախապէս Օսմանեան Դեսպանատան Վայրին Մէջ Բացուեցաւ Թուրքիոյ Մեծագոյն Դեսպանատունը
By adminx - Thu Nov 01, 7:28 am
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print
«Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիան Պիտի Կորսնցնէ,
Եթէ Մինչեւ 2023 Անոր Անդամակցութիւն Չշնորհէ»
Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիա տուած այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան միանալու իր փափաքէն չէ հրաժարած:
Ան ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ աշխարհի վրայ ազդու դերակատարութիւն ունենալ` յայտնելով, որ ինք կը հաւատայ, թէ Թուրքիոյ հետ միութեան յարաբերութիւնները նոյն ճամբուն վրայ ռազմավարական կէտ մը կը կազմեն:
Էրտողան մաղթեց, որ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հոլովոյթը շարունակուի, որպէսզի խաղաղութեան, հանդարտութեան եւ բարգաւաճումի աշխարհագրական լայն տարածք մը ապահովուի` վստահեցնելով, որ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան նպատակէն չէ հրաժարած, որովհետեւ միութեան նպատակներուն եւ յաջողութեան կը հաւատայ:
Սակայն Թուրքիոյ վարչապետը զգուշացուց, որ «Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիան պիտի կորսնցնէ, եթէ մինչեւ 2023 անոր անդամակցութիւն չշնորհէ»:
Էրտողան երեքշաբթի օր Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ բացումը կատարեց աշհարհի մէջ Թուրքիոյ մեծագոյն դեսպանատան: Ան Թուրքիոյ դրօշակը բարձրացուց նոր դեսպանատան վերեւ, որ կը գտնուի Թիերկարթեն Շթրասէի վրայ, ճիշդ այն հողատարածքին վրայ, ուր մինչեւ 1918 կը գտնուէր օսմանեան դեսպանատունը:
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print



