Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան Պաշտօնական Այցելութիւնները
By adminx - Thu Nov 01, 7:25 am
- 0 Comments
- 48 views
- Tweet
Email
Print
Համազգային մշակութային եւ կրթական միութեան Լիբանանի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը, իր կազմութենէն անմիջապէս ետք, տուաւ ծանօթացման ու կարծիքներու փոխանակման շարք մը պաշտօնական այցելութիւններ` լիբանանահայ հոգեւոր պետերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին: Այս հանդիպումները եզրափակուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյն գահակալին` Արամ Ա. կաթողիկոսի տրուած այցելութեամբ, չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2012-ի յետմիջօրէին:
Վեհափառ հայրապետը, ծանօթանալէ ետք Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, լսեց մեր ապագայի ծրագիրներուն մասին հակիրճ զեկուցումը, տուաւ իր հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները եւ կատարեց գործնական թելադրանքները` կեդրոնանալով լիբանանահայ մեր մշակութային մարդուժէն առաւելագոյնս օգտուելու հրամայականին, Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերը ծրագրուած եւ հեռանկարային ամուր հիմերու վրայ հաստատելու պահանջին եւ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը հայ մշակութային կեանքին մէջ ներգրաւելու եւ զայն հայ հոգեմտաւոր ու մշակութային արժէքներով հոգեզինելու ծառայական առաքելութեան վրայ:
Այսպիսով, այցելելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսրըլեանին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց, որ է եւ պիտի մնայ հաւատարիմ Համազգայինի հիմնադիրներուն ու զինք կանխած մարմիններուն մշակութային համահայկական նպատակներուն, հոգեմտաւոր աւանդներուն եւ ազգակերտ ծրագիրներուն: Ի փառս հայ մշակոյթի եւ անոր պայծառ ապագային, ամբողջական յանձնառութեամբ ու նուիրումով պիտի շարունակէ ընթանալ նոյն անշեղ ուղիէն` միշտ հետապնդելով հայ մշակոյթի ժողովրդականացումն ու մեր մշակութային գանձերը տեղացի օտար հասարակութեան ծանօթացնելու նուիրական աշխատանքը յաջողութեամբ պսակելու հեռանկարը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 1 նոյեմբեր 2012
- 0 Comments
- 48 views
- Tweet
Email
Print



