Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Կենսոլորտի Պահպանում Եւ Առողջութիւն. Հարցեր Եւ Լուծումներ» Նիւթով
By adminx - Thu Nov 01, 7:24 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին երէկ` չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կենսոլորտի պահպանում եւ առողջութիւն. հարցեր եւ լուծումներ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց Կարօ Յարութիւնեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ Աստուած մարդ անհատին պարգեւած է կատարեալ աշխարհ մը` բարիքներով օժտուած, մարդուն բոլոր կարիքները գոհացնող, որպէսզի ան առողջ ապրի ու գոյատեւէ:
Բայց մարդ անհատը յաճախ կը չարաշահէ բնութեան բարիքները եւ կ՛ապականէ զայն տարբեր միջոցներով:
Կարօ Յարութիւնեան, դասախօսութեան սկսաւ սահիկներու օժանդակութեամբ բացատրելով, թէ աշխարհի այսօրուան վիճակը, միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին տարբեր ազդակներու ու անոնց փոփոխութիւններու արդիւնքն է: Աշխարհի այս փոփոխութիւններուն մէջ իրենց դերը ունեցած են երկրաշարժները, ողողումները եւ փոթորիկները:
Սակայն վերջին երեք ազդակներուն յառաջացուցած փոփոխութիւնը շատ չնչին համեմատութիւն մը կը կազմէ, բաղդատած այն ժխտական դերակատարութեան, որ մարդ անհատը ունեցած է աշխարհի փոփոխութեան մէջ, յատկապէս ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն ետք:
Շարունակելով, դասախօսը ներկայացուց բնակչութեան աճի պատկերը եւ անոր ժխտական հետեւանքներն ու գլխաւոր հարցերը` հետեւեալ ձեւով.
1.- Հաստատուն աղբերը,
2.- Հեղուկ աղբերը,
3.- Կենսոլորտի ապականում-օզոնի խաւի աստիճանական վնասուիլը,
4.- Բնութեան քանդումը,
Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ կենսոլորտի խաթարման պատճառով Լիբանանի տնտեսութեան կրած վնասները կը գնահատուին տարեկան 300 միլիոն ամերիկեան տոլարով եւ Լիբանանի մէջ պատահած մահերուն 17 առ հարիւրը կը վերագրուին կենսոլորտային պատճառներու:
Ի՞նչ են լուծումները եւ ի՞նչ կրնանք ընել, Կարօ Յարութիւնեան ներկայացուց հետեւեալները.
Ա.- Հաստատուն աղբեր (սոլիտ ուէյսթ).- Այս աղբերը կարելի է թաղել կամ այրել, բայց երկու պարագային տակաւին անոնց հասցուցած կենսոլորտի վնասները կը շարունակեն մնալ: Հետեւաբար պէտք է`
1) Նուազագոյնի իջեցնել մեր աղբերու քանակը:
2) Գնել եւ եփել միայն այնքան, որքան պէտք է եւ ոչ աւելի:
3) Գնել դիմացկուն եւ դարձեալ գործածելի իրեր:
4) Գործածել կտաւէ տոպրակներ:
5) Տնային աղբերը զատել:
Այս բաժինով բանախօսը մանրամասն բացատրեց թուղթի վերամշակման անհրաժեշտութիւնը:
Բ.- Հեղուկ աղբեր.- այս աղբերը կու գան մեր տուներէն կամ գործարաններէն: Այս աղբերը կը թափին ծովու կամ գետերու մէջ: Ի՞նչ կարելի է ընել նուազեցնելու հեղուկ աղբերը.
ա) Խուսափիլ լուացքի այն դեղերէն, որոնք կը պարունակեն Ֆոսֆոր եւ սալֆըր:
բ) Խուսափիլ լուացքը փափուկցնելիք դեղ գործածելէ:
գ) Տապկոցի գործածուած ձէթերը թափել շիշերու մէջ:
Յաջորդ բաժինով դասախօսը խօսեցաւ օդի, օզոնի խաւի անհրաժեշտութեան մասին` պաշտպանելու արեւի յաւելեալ ճառագայթներէն, բայց երբ օզոնի խաւին մէջ աստիճանաբար ճեղք կը յառաջանայ եւ աշխարհի ջերմութիւնը կը բարձրանայ, ասիկա պատճառ կը դառնայ բեւեռներու ու տարբեր շրջաններու սառերու հալեցման ու ջրհեղեղներու եւ ցունամիներու յաճախականութեան:
Օզոնը կարելի է պաշտպանել չգործածելով տիոտորաններ եւ սփրէյներ:
Ելեկտրականութեան սպառումը նաեւ ունի իր ժխտական ազդեցութիւնը կենսոլորտին վրայ, հետեւաբար պէտք է գործածել այդքան, որքան բաւարար է եւ ոչ աւելի:
Դասախօսը յաջորդ բաժինով խօսեցաւ`
1.- Արեւու ճառագայթով ջուրը տաքցնելու կարելիութեան մասին, մանաւանդ որ Լիբանան ունի բաւարար արեւ եւ կարելի է օգտուիլ բնութեան այս տուեալէն:
2.- Նուազեցնել ինքնաշարժի գործածութիւնը. ասիկա օդի ապականման գլխաւոր պատճառներէն մէկը կը հանդիսանայ: Ըստ տուեալներու, Լիբանանի մէջ ամէն երեք անձի համար կայ մէկ ինքնաշարժ:
Վերջին բաժինով Կարօ Յարութիւնեան խօսեցաւ բնութեան քանդումին մասին եւ մատնանշեց հետեւեալները.-
ա.- Շնչելի օդի նուազում.- Անտառները մեզ կը տրամադրեն թթուածին, անոնց քանդումը պիտի ազդէ օդի ապականման վրայ: Հետեւաբար պէտք է պահպանել անտառները:
Բ.- Ջուրի անհրաժեշտութիւն.- Անիկա կը կազմէ 60 առ հարիւրը մեր մարմնին: Ջուրի քանակը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա նոյնն է, բայց մարդոց 5-էն 1-ը աշխարհի վրայ տակաւին մաքուր ըմպելի ջուր չունի:
Իբրեւ եզրակացութիւն, դասախօսը կարեւորութեամբ նշեց բոլոր տեսակի բոյսերն ու անասունները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ անոնք իրենց կարեւոր տեղը եւ դերը ունին բնութեան հաւասարակշռութեան պահպանման մէջ:
Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` տալով համապատասխան բացատրութիւններ եւ օրինակներ:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print



