Գաղութէ Գաղութ
By adminx - Thu Nov 01, 5:34 am
- 0 Comments
- 100 views
- Tweet
Email
Print
Սուրիա
Հայաստանի Անկախութեան 21-րդ
Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկ
Հոկտեմբեր 21-ին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 21-րդ տարեդարձին:
Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի անցած 21-ամեայ ուղիին` բարձր արժեւորելով ներքին եւ արտաքին ձեռքբերումները:
Այնուհետեւ դեսպանը հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու մետալներն ու պատուոյ գիրերը:
Թեհրան
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախարարին
Հանդիպումը` Ազգային Մարմիններու,
Միութիւններու Եւ Կառոյցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ
Իրան կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ազգային իշխանութեան, կառոյցներու, միութիւններու եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Ողջոյնի խօսքով թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան գնահատեց սփիւռքի նախարարին անխոնջ եռանդը եւ յանձնառութիւնը` իր աշխատանքներու եւ առաքելութեան իրականացման համար:
Իր կարգին, Հրանուշ Յակոբեան գոհունակութիւն յայտնեց Իրան կատարած այցելութեան կապակցութեամբ` շեշտելով Իրան-Հայաստան բարձր մակարդակով բարի դրացիական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը:
Նախարարը մանրամասնօրէն ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքները եւ շեշտեց համահայկական հարցերով զբաղելու անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ շեշտեց սփիւռքին դերը եւ սփիւռքի գիտական ու մասնագիտական ներուժին ճշգրիտ օգտագործումը` շեշտելով «Ալիք» օրաթերթին բազմամեայ դերը իրանահայ համայնքին մէջ:
Աւարտին, նախարարը նախարարութեան ոսկիէ մետալով պարգեւատրեց Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, Ու. Սարոյեանի անուան մետալով` ԹՀԹ Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Գէորգ Աբուլեանը, իսկ «Արշիլ Կորքի»ի մետալով` ԹՀ Թ խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Բաբախանեանը: Ան նաեւ պատուոյ գիրեր յանձնեց Իրանի խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան անցեալ շրջանի երեսփոխան Գէորգ Վարդանեանին եւ Սպահանի ու հարաւային իրանահայութեան գործող երեսփոխան Ռոպերթ Բեգլարեանին:
Նախարարը իրանահայ բանաստեղծ Վարանդ Քիւրքճեանին յանձնեց Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի կողմէ տրուած Մովսէս Խորենացիի անուան շքանշանը:
Աւարտին ԹՀԹ խորհուրդին ատենապետը յուշանուէր յանձնեց նախարարին:
Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Իրան-Իրաք
Պարտադրեալ Պատերազմին Զոհուած
Հայ Նահատակներու Յիշատակին
Նախագահութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, 12 հոկտեմբերին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի ընթացքին նահատակուած զինուորներուն եւ զոհերուն յիշատակին:
Առաջնորդ սրբազանը մեծարելով պարտադրեալ պատերազմի ընթացքին հայ նահատակներուն յիշատակը` նկատել տուաւ, որ անոնք, որոնք իրենց կեանքը, իրենց ողջ էութեամբ, կը զոհեն իրենց նմաններուն եւ իրենց հայրենիքին համար, կը դառնան համամարդկային արժէք:
Յունաստան
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի
20-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն
Հովանաւորութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան 17 հոկտեմբերին Աթենքի «Լետրա Մարիոթ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 20-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր հիմնադրամի Յունաստանի մասնաճիւղին կողմէ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը, որ իր ելոյթին մէջ ընդգծեց հիմնադրամին ստեղծման եւ գործունէութեան կարեւորութիւնը Հայաստանի, Արցախի ու համայն հայութեան համար:
Հիմնադրամի Յունաստանի յանձնախումբի ատենապետ Վաչէ Տէր Կարապետեան ներկայացուց հիմնադրամին անցած ուղին` շեշտելով Յունաստանի մասնաճիւղին կողմէ իրականացուած աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ հիմնադրամին մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք յունահայ համայնքի 10 նշանաւոր բարերարներուն յանձնուեցան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին պարգեւները:
Վրաստան
Վրացի Նկարչուհի Նինօ Փիրցխալաիշվիլիի
«Հայ Ժողովուրդի Գողգոթան» Ալպոմին
Շնորհահանդէսը
Կազմակերպութեամբ Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը և «Կովկասեան տուն – մշակութային կապերու կեդրոն»-ին 5 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ վրացի նկարչուհի Նինօ Փիրցխալաիշվիլիի «Հայ ժողովուրդի գողգոթան» գծանկարներու և կրաֆիքական պատկերներու ալպոմին շնորհահանդէսը:
Վերջերս մահացած նկարչուհիին գծանկարներու ալպոմը հրատարակուեցաւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կողմէ. անիկա նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի 97-րդ տարելիցին:
Նինօ Փիրցխալաիշվիլիի ստեղծագործութեան նշանակալից մասը կը կազմեն Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան քառասուն օրերը» վէպին պատկերազարդումները:
Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան, Հայ առաքելական ուղղափառ Ս. եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան, բանաստեղծուհի Անահիտ Բոստանճեան, գրող, հրապարակախօս և թարգմանիչ Գիվի Շահնազարի, ալպոմի հրատարակման համակարգող Իրենա Օհանջանովա:
Դեսպան Մանուկեան իր խօսքին մէջ երախտագիտութեամբ յիշեց վաղամեռ նկարչուհին, անոր տարած աշխատանքները` շեշտելով ալպոմին հրատարակման փաստը անոր կենդանութեան ժամանակ, որ իր երազանքն էր, ինչպէս նաեւ մեր` հայերուս:
Իտալիա
Հայկական Մշակոյթի Օրեր
Հոկտեմբեր 17-ին Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դեսպանութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ առաջին անգամ Ֆլորենցիա քաղաքին մէջ կազմակերպուած Հայկական մշակոյթի օրերու բացման հանդիսութեան:
Փառատօնի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցան` հայկական ժամանակակից արուեստի ցուցահանդէս, հայկական ճարտարապետութեան նուիրուած ցուցահանդէս, ժողովրդական երաժշտութեան համերգ, կլոր-սեղան եւ թատերական ներկայացում:
Հայաստանի Եւ Իտալիոյ Միջեւ Դիւանագիտական
Յարաբերութիւններու Հաստատման
20-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, 22 հոկտեմբերին Իտալիոյ Հանրապետութեան ծերակոյտի պատմական «Ծուքքարի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջև դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին:
Բացման խօսքը արտասանեց ծերակոյտի փոխնախագահ Վանինօ Քիթթի, որ կարդաց ծերակոյտի նախագահ Ռենաթօ Սքիֆանիին ուղերձը, որմէ ետք անդրադարձաւ հայ-իտալական պատմական առնչութիւններուն, Իտալիոյ մէջ հայկական պատմական բացառիկ ներկայութեան: Ծերակոյտի փոխնախագահը բարձր գնահատեց վերջին շրջանին հայ-իտալական յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի վրայ բարձրացնելու Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ջանքերը:
Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ գործող Հայ-իտալական բարեկամութեան երեսփոխանական խումբի նախագահ Սանտրա Զամպա կարեւոր նկատեց հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին երեսփոխանական խումբի անդամներուն այցելութիւնը Հայաստան: Զամպա նշեց, որ Հայաստանը համաշխարհային քաղաքակրթութեան բնօրրան է եւ հասած է ժամանակը, որ Եւրոպա Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին փոխհատուցում տայ, այն, ինչ որ չէ ըրած պատմութեան ընթացքին:
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ռուբէն Կարապետեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ վերջին երեք տարիներու ընթացքին հայ-իտալական յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցած արմատական փոփոխութիւններուն եւ խօսեցաւ ԼՂՀ- հիմնահարցին մասին: Անդրադառնալով հայ-իտալական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին մասին` դեսպան Կարապետեան նշեց, որ կարելի է վերականգնել երկու ժողովուրդներուն միջեւ եղած քաղաքական, տնտեսական եւ հոգեւոր-մշակութային պատմական սերտ կապերը:
Աւարտին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը յուշանուէրներ յանձնեց պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
Գերմանիա
«Նարեկացի» Արուեստի Կեդրոնի
Ժողովրդական Նուագարաններու
Երիտասարդական Համոյթին Համերգները
Կազմակերպութեամբ հայ եկեղեցւոյ Պատեն-Վիւրթեմպերկի հայ համայնքին եւ նախաձեռնութեամբ Տիրատուր քհն. Սարդարեանի, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցող «Հայկական մշակութային օրեր», 20 հոկտեմբերին Շթութկարտի, 21 հոկտեմբերին Քէօլնի եւ 22 հոկտեմբերին Հանաուի մէջ ելոյթ ունեցաւ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը, ղեկավարութեամբ` Յովիկ Սահակեանի, մասնակցութեամբ մեներգչուհի Անուշ Ստեփանեանի:
Ծրագիրը կը ներառէր հայկական հոգեւոր, դասական, գուսանական, ժողովրդական երգերու եւ նուագներու փունջ մը: Մենանուագները հնչեցին ժողովրդական տարբեր նուագարաններու (թառ, ուտ, քամանչա, տուտուկ, քանոն) վրայ:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազանը Կը Շնորհաւորէ
Սան Ֆրանսիսքոյի
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Նոր Առաջնորդը
Սան Ֆրանսիսքոյի կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր նշանակեալ առաջնորդ Սալվաթորէ արք. Քորտիլիոնէ արք. 4 հոկտեմբերին, պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին, հանդիսաւորապէս կոչուեցաւ կաթողիկէ համայնքի Սան Ֆրանսիսքոյի առաջնորդութեան պաշտօնին:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորական նամակ մը յղեց նոր առաջնորդին` փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները:
Հայաստանի Կառավարութիւնը «Մխիթար Գոշ»
Շքանշանով Պատուեց Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հրամանագիրով սեպտեմբեր 18-ին, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Սան Անտէրս համալսարանի Միջազգային յարաբերութեան դասախօս Խաչիկ Տէր Ղուկասեան արժանացաւ Հայաստանի կառավարութեան «Մխիթար Գոշ» շքանշանին: Շքանշանը յանձնուած է անկախութեան 21-ամեակի ծիրին մէջ, եւ Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւններու հզօրացման եւ հայկական ինքնութեան ամրապնդման ի նպաստ անոր բացայայտ աշխատանքին առիթով:
Առաջին անգամ ըլլալով այս կարեւոր մեծարանքը կը յատկացուի Հարաւային Ամերիկայի ղեկավարի մը: Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի կողքին, նոյնպէս շքանշանը ստացաւ Ցեղասպանութեան հռչակաւոր մասնագէտ, Գերմանիա բնակող թրքահայ Միհրան Տապպաղ:
Վերակազմուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի
«Լուսաւորիչ» Երգչախումբը
Առաջնորդ Մուշեղ արք. ՄարտիրոսեանԻ տնօրինումով, վերակազմուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ» երգչախումբը: Փորձերը տեղի պիտի ունենան շաբաթ օրերը, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ, ղեկավարութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհն. Քիրազեանի:
Բարեգործական Համերգ
Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան, վերջերս Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ մեծանուն երգչուհի Արաքս Մանսուրեանի բարեգործական համերգը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ իր աշակերտուհին` աւստրալիացի հանրայայտ օփերայի երգչուհի Լիզա Պելլ:
Համերգին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ երգչուհիները Լոս Անճելըսէն պիտի մեկնին Երեւան, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկնոջ հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք բարեգործական համերգին հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ քաղցկեղով հիւանդ երեխաներու բուժման համար:
Աւստրալիոյ վարչապետ Ժուլիա Կիլարտ ողջունեց յայտնի սոփրանօ Լիզա Պելլի բարեգործական ուղեւորութիւնը Հայաստան եւ գնահատեց Հայաստանի հետ բարեկամութիւնը` աւելցնելով, որ Աւստրալիոյ մէջ գոյութիւն ունի յաջող հայ համայնք, որ հպարտ է իր ժառանգութեամբ եւ ազատութեան համար մղած պայքարի ճանապարհով:
«Հայաստան» Հիմնադրամի Թելեթոնի
Նշանակի Բացման Արարողութիւն
Հոկտեմբեր 10-ին, Հայաստանի հիւպատոսարանի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» հիմնադրամի թելեթոնի նշանակի բացման արարողութիւնը:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուելով ձեռնարկին` փոխանցեց իր յաջողութեան մաղթանքներն ու օրհնութիւնները: Առաջնորդին կ՛ընկերանար Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Կոմիտաս քհն. Թորոսեան: Ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան անդամ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, որ հիմնադրամին մօտ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչն է:
Շնորհահանդէս` Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գրականութեան Մէջ»
Հատորին
Հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան, վերջերս Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տոքթ. Ռուբինա Փիրումեանի հրատարակած «Հայոց ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ» վերջին հատորին շնորհահանդէսը:
Օրուան հանդիսավար Ծովինար Մելքոնեան, ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց ձեռնարկին առաջին դասախօսը` տոքթ. Յակոբ Կիւլլիւճեանը, որ իր վկայութիւնը տուաւ գիրքի մասին:
Ապա շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ տոքթ. Փիրումեան: Ան յայտնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը շատ երկար տարիներու դժուար եւ սպառիչ ընթացք եղաւ իրեն համար եւ հսկայական ճիգ պէտք էր ընէր որպէսզի զգացականօրէն չմօտենար այդ ուսումնասիրութիւններուն: Ան շեշտեց, թէ այս բոլոր գրականութիւնները եւ յուշերը պէտք չէ պահուին մութին մէջ, պէտք է չմոռնանք, որպէսզի չմոռցուին մեր նահատակներուն յիշատակներն ու զոհաբերութիւնները:
Ապա սրբազան հայրը կարեւորութեամբ կեդրոնացաւ տոքթ. Փիրումեանի հսկայ աշխատանքին վրայ` որպէս ակադեմական ու պատմագէտի նշելով, թէ ան տարիներու հարուստ վաստակ ունի իբրեւ մտաւորական եւ Հայ դատի գիրքերու ու դասագիրքերու հեղինակ, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանին մէջ իբրեւ Խնամակալ մարմինի եւ Ազգային վարչութեան երկար տարիներու անդամ:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
- 0 Comments
- 100 views
- Tweet
Email
Print




