Wednesday Jun 19, 2013

Ազրպէյճանի Կռփամարտի Հաւաքականը Պիտի Ժամանէ Հայաստան

By adminx - Wed Oct 31, 6:00 am

Յառաջիկայ 25 նոյեմբերէն 8 դեկտեմբեր Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ կռփամարտի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութիւնը:

Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան մասնակցելու փափաք յայտնած էր Ազրպէյճան:

PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջի թղթակիցը այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու նպատակով դիմած է Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աստղիկ Մարտիրոսեանին, որ ըսած է. «Հայկական կողմը նախապէս Ազրպէյճանի կռփամարտի ֆետերասիոնին ուղարկեց պաշտօնական նամակ մը, որուն մէջ անվտանգութեան երաշխիքներ տուաւ անոր: Այժմ մենք ստացած ենք փոխադարձ նամակ մը, որ Ազրպէյճան կ՛ուզէ մասնակցիլ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան: Հայաստանի մէջ ելոյթ պիտի ունենան ազրպէյճանցի վեց կռփամարտիկներ, իսկ պատուիրակութիւնը կազմուած պիտի ըլլայ տասը անձերէ»:

Մարտիրոսեան եզրափակեց ըսելով, որ աշխարհի այս ախոյեանութեան պիտի մասնակցին 70 երկիրներու կռփամարտիկներ:

Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ նաեւ հայկական այլ աղբիւր մը` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը, որ կ՛ըսէ, թէ աւելի քան հինգ հարիւր կռփամարտիկներ պիտի ժամանեն Հայաստան: Կը կարծուի, որ բոլոր մասնակիցներուն (մարզիչներ, բժիշկներ, պատասխանատուներ եւ այլն) թիւը պիտի գերազանցէ հազարը:

2009-ին Երեւեանի մէջ տեղի ունեցած պատանիներու աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցած էր 51 երկիր:

Այս ախոյեանութեան (17-18 տարեկան երիտասարդներ) Հայաստան պիտի մասնակցի 14 կռփամարտիկներով` բոլոր դասակարգերու մրցումներուն:

Տեղի պիտի ունենան հետեւեալ 10 դասակարգի մրցումները, 46-49 քկ, 52 քկ, 56 քկ, 60 քկ, 64 քկ, 69 քկ, 75 քկ, 81 քկ, 91 քկ եւ 95 քկ եւ վեր:

 

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement