Կիրակի, 4 Նոյեմբերին Լիբանանի Ճատրակի Դպրոցական Ախոյեանութիւնը
By adminx - Wed Oct 31, 5:55 am
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը երէկ իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ կիրակի, 4 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ճատրակի դպրոցական ախոյեանութիւնը, ինչպէս նախօրօք յայտարարուած էր:
Ֆետերասիոնը նշեց նաեւ, որ մասնակցող բոլոր վարժարաններուն ճատրակի պատասխանատուներն ու մարզիչները իրենց ամէն կարելին ընեն, որպէսզի առաւօտեան ժամը ճիշդ 9:00-ին իրենց աշակերտները հաւաքեն մրցաշարքին կայացման վայրը` դիւրացնելու համար կազմակերպիչներուն աշխատանքը:
Ճատրակի դպրոցական այս ախոյեանութիւնը, որ պիտի սկսի ժամը ճիշդ 10:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ուահտէ Ռիատիէի (Պիր Հասան) մէջ:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ հովանաւորութեամբ Լիբանանի կրթութեան նախարար Հասսան Տիապի:
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print



