Monday May 20, 2013

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Պելկրատի Մէջ

By adminx - Wed Oct 31, 5:53 am

Իր լուրը քաղելով chess.com-էն, PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պելկրատի մէջ (Սերպիա)` 22 յուլիսէն 4 օգոստոս 2013-ին:

Մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 75 հազար եւրօ: 60 հազար եւրօ տրամադրուած է ճատրակ խաղացողներուն, իսկ 15 հազար եւրօ` Եւրոպայի ճատրակի խորհուրդին համար:

Նշենք, որ 2012-ի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ Այնթէպ քաղաքին մէջ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement