Saturday May 18, 2013

Չեխիոյ Ծերակոյտի Նախագահը Կը Քննադատէ Հունգարիան` Սաֆարովը Արտայանձնելուն Համար

By adminx - Wed Oct 31, 7:48 am

Եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Փրակա գտնուող Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունեց Չեխիոյ Ծերակոյտի նախագահ Միլան Շթեխը:

Պատուիրակութիւններու կազմով բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցած լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին, պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, Միլան Շթեխ խստիւ քննադատեց Հունգարիոյ կառավարութիւնը` ազրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնելու համար:

Շթեխ յայտնեց, որ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն այս որոշումը կը հակասէ միջազգային իրաւունքին: Մարդասպանը չի կրնար ազատ արձակուիլ եւ հերոսի կոչում ստանալ:

Նախորդ շաբաթ Չեխիոյ խորհրդարանի վերին պալատին` Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ ապահովութեան հարցերու յանձնախումբը դատապարտող յատուկ բանաձեւ ընդունեց` ընդգծելով, որ Ազրպէյճանի նախագահի որոշումը կրնայ յանգեցնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան հետագայ շիկացման:

Յովիկ Աբրահամեան երէկ Փրակայի մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այդ բանաձեւին համար:

«Մարդասպանը, ոճրագործը հերոսացնելը անյարիր է որեւէ երկրի նախագահին: Եւ ես կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, Չեխիոյ Ծերակոյտին, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին, անոնց, որոնք դատապարտեցին Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ կողմէ իրականացուած այդ անբարոյական քայլը», ըսաւ Աբրահամեան:

Ըստ Ազգային ժողովի նախագահին, Չեխիոյ իշխանութիւնները հաւասարակշռուած դիրքորոշում ունին կովկասեան շրջանին մէջ տագնապներու գծով, ինչ որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ: Ազգային ժողովի նախագահը այս այցելութեան ընթացքին պիտի դիմէ Չեխիոյ կառավարութեան, որպէսզի Երեւանի մէջ գործող հիւպատոսութեան կարելիութիւն տրուի այցեգիրներ տրամադրել Հայաստանի քաղաքացիներուն:

Չեխիոյ խորհրդարանի նախագահը ըսաւ, թէ ինք գիտէ, որ Հայաստանը պատմութիւնը հնագոյններէն է, եւ վստահեցուց, որ մտադիր է տարբերակներ որոնելու Հայաստանի քաղաքացիներուն համար իր երկիր մուտքի այցեգիրներու տրամադրման հարցը դիւրացնելու ուղղութեամբ: Շթեխ նշեց, որ Չեխիա պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի եւրոպական համարկման, իսկ չեխ գործարարները պատրաստակամ են ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ: Չեխ բարձրաստիճան պաշտօնեան նաեւ յատուկ ուշադրութեան հրաւիրեց սուրիական տագնապի լուրջ զարգացումներուն:

«Կը կարծեմ, որ Հայաստանի եւ Չեխիոյ դիրքորոշումները այս գծով գրեթէ կը համընկնին: Մենք կը հասկնանք հայկական կողմը, այնտեղ հայկական մեծ համայնք կ՛ապրի եւ պաշտօնական Երեւանը պէտք է եւ պատրաստ է օգնելու իր հայրենակիցներուն», ըսաւ ան:

Leave a Reply

Advertisement