Sunday May 19, 2013

2013-Ի Պետական Պիւտճէն Նախորդէն Աւելի Վատ Է» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

By adminx - Wed Oct 31, 7:47 am

Արծուիկ Մինասեան

Երէկ Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ սկսան 2013 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումները:Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան այս առիթով զրուցեց «Երկիր»-ին հետ:

«Առաջին արձանագրումը հետեւեալն է, որ պիւտճէի նախագիծը համարձակ չէ եւ միտուած չէ լուծելու այն մարտահրաւէրները, որոնց առջեւ կանգնած է Հայաստան: Օրինակ` այս պահուն ամէնէն արտայայտիչ մարտահրաւէրը Հայաստանի մէջ աշխատատեղերու ստեղծումն է, որուն մէջ պետական պիւտճէն կարծես մասնակցութիւն չունի եւ աղերս չկայ այս նախագիծին մէջ աշխատատեղերու ստեղծման մօտեցման հետ», նշեց Արծուիկ Մինասեան:

Մասնաւորաբար` հասարակական աշխատանքներու համար կատարուող ծախսերը 2013 թուականի պիւտճէով զերոյացուած են: Այսինքն` պետութիւնը, ըստ էութեան, չի մասնակցիր ժամանակաւոր աշխատատեղերու ստեղծման գործին:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, միւս բացասական կողմը այն է, որ կարելի չէ արձանագրել, թէ այս պիւտճէի նախագիծը կրնայ նպաստել կենսամակարդակի բարձրացման: Ան նշեց, որ ընդհակառակն` աշխատավարձերը չեն բարձրանար, նպաստները, թոշակները նոյն մակարդակով կը պահպանուին, ինչ որ մտածել եւ եզրակացնել կու տայ, որ յաջորդ տարի ազգաբնակչութեան կենսամակարդակը աւելի ցած պիտի ըլլայ, քան 2012 թուականինը:

Մինասեան նշեց, որ եկամտային քաղաքականութեան մէջ աւելի շատ պատրանք է, քան ըստ էութեան եկամուտներու հարկման հոլովոյթ: Ասիկա այլ բացասական արձանագրում է:

Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ աւելի վատ վիճակ պիտի ըլլայ ժողովրդագրական տեսանկիւնէն, որովհետեւ պիւտճէի նախագիծը եւ ժողովրդագրական քաղաքականութեան հայեցակարգը իրարու հետ բացարձակապէս աղերս չունին:

Պատգամաւորը նշեց, որ 2013-ի պետական պիւտճէի նախագիծը Հայաստանի տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ այլ մարզերուն մէջ յառաջընթացի պիտի չյանգեցնէ:

 

Leave a Reply

Advertisement