Monday May 20, 2013

Արցախի Մէջ Քննարկուեցաւ Շրջաններուն Մէջ Տիրող Ընկերային Տնտեսական Իրավիճակը

By adminx - Wed Oct 31, 7:45 am

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանրապետութեան շրջանային վարչակազմերու ղեկավարները հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութեան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շրջաններուն մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, իրականացուող գիւղատնտեսական աշխատանքներուն եւ անցնող տասը ամսուան արդիւնքներուն հետ կապուած հարցեր:

Նախագահ Սահակեան յանձնարարականներ տուաւ ներկաներուն` հետագայ աշխատանքները պատշաճ մակարդակով իրականացնելու ուղղութեամբ: Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Leave a Reply

Advertisement