Wednesday Jun 19, 2013

«Արցախի Անկախացումը Միացում Է Հայաստանին» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Ալեքսանդր Մանասեան

By adminx - Wed Oct 31, 7:44 am

Փրոֆ. Ալեքսանդր Մանասեան

Քաղաքագէտ Ալեքսանտր Մանասեան երէկ ընդգծեց, որ Արցախի` Հայաստանին միացման ամէնէն կարճ ճամբան անկախութիւնն է: Ըստ անոր, անոնք, որոնք այս պահուն միացման խնդիրը առաջ կը քաշեն, պարզապէս գործը կը խանգարեն: Քաղաքագէտը յայտնեց, որ Արցախի անկախացումէն ետք ոչ ոք չի կրնար անոր Հայաստանին միացումը խանգարել եւ ատիկա աւելի ճիշդ ճամբան է: Մանասեան նշեց, որ միացումը պետութեան տարածքներու օտարման խնդիր կը յառաջացնէ:

Արցախի արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հանրային խորհուրդի նախագահ Մասիս Մայիլեան յայտնեց, որ Արցախը Հայաստան է: Սակայն ան նկատել տուաւ, որ դժբախտաբար Արցախը տակաւին Հայաստանի Հանրապետութիւն չէ: Մասիս Մայիլեան ընդգծեց, որ միջազգային ճանաչումը նախ պէտք է նշանակէ, որ միջազգային հանրութիւնը կը ճանչնայ այն փաստը, որ Արցախը անջատուած է Ազրպէյճանի Հանրապետութենէն: Ան նշեց, որ ճիշդ չէ քաղաքագէտներու այն դիտարկումը, թէ Արցախի անկախութիւնը կը նշանակէ Հայաստանէն անկախութիւն:

Ան շեշտեց, որ երբ միջազգային հանրութիւնը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, ճամբան պիտի բանայ Հայաստանի եւ Արցախի վերամիաւորման համար:

Միւս կողմէ, քաղաքագէտ Լեւոն Մելիք-Շահնազարեան յայտնեց, որ ինք կ՛ողջունէր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին քայլը` մերժել հանդիպիլ ազրպէյճանցի գործընկերոջ հետ, սաֆարովեան դէպքերուն պատճառով: Մինչեւ այս ամսուան ընթացքին Արցախի շուրջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները` քաղաքագէտը դէմ էր արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման: Սակայն երբ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը, իսկ Ազրպէյճանն ալ` Հարաւային Սուտանինը, Հայաստանի ձեռքին հզօր խաղաքարտեր յայտնուեցան:

«Ինծի նոյնիսկ կը թուի, որ պէտք է աւելի յաճախակիօրէն հանդիպիլ եւ Ազրպէյճանին յիշեցնել այս ամէնը: Պէտք է նեղ կացութեան մէջ դնել Ազրպէյճանի պետութիւնը», երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ քաղաքագէտը: Ըստ անոր, վերջին զարգացումները պէտք է ճիշդ, գրագէտ եւ դիպուկ օգտագործել: Ան նկատել տուաւ հետեւեալը. «Ճիշդ թիրախը ունինք, թիրախի թոյլ տեղերը` եւս: Պէտք է խփել այդ թոյլ տեղերը: Սաֆարովը այսօր Ազրպէյճանի ամէնէն թոյլ տեղն է»:

 

Leave a Reply

Advertisement