Նախագահ Սլէյման – Ահմատինեժատ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
By adminx - Wed Oct 31, 7:43 am
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատէն, որ ցաւակցութիւն յայտնեց հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան եւ Էշրեֆիէի պայթումին պատճառած զոհերուն համար:
Ատհայի տօնին առիթով Ահմատինեժատ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Լիբանանին եւ անոր մաղթեց ապահովական կայունութիւն ու բարգաւաճում, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ համախոհութիւն գոյանայ Լիբանանի գերագոյն շահերուն եւ երկրին անկախութեան ու գերիշխանութեան ի խնդիր:
Նախագահ Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը` ներկայութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաայի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ամբողջ Լիբանանի տարածքին ապահովութեան ուժերուն որդեգրած ուղղակի թէ անուղղակի ապահովական միջոցառումները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու համար այդ միջոցառումները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման իր ցուցմունքները տուաւ ապահովական կառոյցներուն միջեւ աշխատանքի համակարգումին եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութեան պաշտպանութեան առումով:
Միւս կողմէ, Պաապտայի մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստի կայացման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Հարտան յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին համար ճշդուած թուականը` 29 նոյեմբերը կը մնայ ի զօրու:
Երէկ երեկոյեան նախագահ Սլէյման ընդունեց Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Քննարկուեցան երկրին այժմու իրադարձութիւնները եւ կողմերուն միջեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` երկրին մէջ քաղաքական եւ ապահովական կացութեան կայունութիւնը պահպանելու համար:
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print




