Friday May 24, 2013

«Պիտի Շարունակեմ Ստանձնել Պարտականութիւններս» Հաստատեց Վարչապետ Միքաթի

By adminx - Wed Oct 31, 7:41 am

Ֆրանսայի դեսպանը եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին այցելեց Մուխթարա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Վարչապետարանին մէջ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի, Քուէյթի եւ Քանատայի դեսպաններ Փաթրիս Փաուլին, Ապտել Ալ Քանային եւ Հիլըրի Չայլտ Էտըմզը, որոնց ներկայութեան հաստատեց, որ ինք պիտի շարունակէ ստանձնել իր պարտականութիւնները` շեշտելով, որ ազգային հարցերը յամառութեամբ չեն լուծուիր, այլ` երկխօսութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ հասարակ յայտարարներ գտնել եւ Լիբանանը ամրապնդել շրջանային այս վտանգաւոր պայմաններուն մէջ:

Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ զգայուն այս հանգրուանին կարելի չէ Լիբանանը անիշխանութեան մատնել: «Լիբանանեան քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւններէն կը պահանջուի պոյքոթի կեցուածքներու փոխարէն մասնակցիլ Ազգային երկխօսութեան նիստին` Լիբանանէն վտարելու համար երկփեղկումի եւ անիշխանութեան ուրուականը:

Միւս կողմէ, նշենք, որ վարչապետ Միքաթի նախանցեալ օր այցելած էր Քուրայի Պթուրաթիժ գիւղաքաղաքը, ուր ցաւակցութիւն յայտնած էր հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի ընտանիքին` շեշտելով, որ Հասանի սպանութեան հետաքննութիւնը իրեն համար առաջնահերթութիւն է:

 

Leave a Reply

Advertisement