Thursday May 23, 2013

Պըրրի – Փլամպլի Հանդիպում

By adminx - Wed Oct 31, 7:40 am

Փլամպլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ իր տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ալի Համտանի:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ ինք շատ շինիչ հանդիպում մը ունեցած է Պըրրիի հետ` աւելցնելով, որ իրենց համար առաջնահերթութիւն կը մնայ այս հանգրուանին Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Փլամպլի ընդգծեց, որ իրենք կը հետեւին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ կատարուելիք խորհրդակցութեան` յոյս յայտնելով, որ այդ խորհրդակցութիւնները դրական արդիւնքներով կը դրսեւորուին:

Փլամպլի շեշտեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել:

Փլամպլի նշեց, որ ինք Պըրրիի փոխանցած է, թէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին մասին յաջորդ տեղեկագիրը պիտի փոխանցուի Ապահովութեան խորհուրդին` ողջունելով հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող հանդարտ եւ խաղաղ կացութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտի, որ Պըրրիի հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ անիշխանութիւն կարելի չէ ստեղծել, որովհետեւ անիկա կը սպառնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման:

Պըրրի նշեց, որ ինք դէմ չէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան, պայմանաւ որ նման կառավարութիւն մը կազմելու առումով համախոհութիւն գոյանայ, «սակայն չէզոք կառավարութեան մը կազմութիւնը անկարելի է եւ անբնական, որովհետեւ անիկա երկրին արտակարգ իրավիճակը չի կրնար դիմագրաւել», ըսաւ ան:

Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ նախքան ներկայ կառավարութեան հրաժարումը այլ կառավարութեան մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու պայմանական առաջարկը հակասահմանադրական քայլ մըն է:

Պըրրի զարմանք յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երկրին քաղաքական կեանքին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի կ՛ենթարկեն եւ իրմէ խորհրդարանի լիագումար նիստ մը չեն պահանջեր, եթէ անոնց նպատակն է տապալել կառավարութիւնը:

Ան մաղթեց, որ լիբանանցիները յանձնառու մնան իրենց երկրին:

Leave a Reply

Advertisement