Wednesday Jun 19, 2013

Քասլիքի Համալսարանին Մէջ Սապունճեան Ստորագրեց «Լիրա» Ծրագիրին Վերաբերող Համաձայնագիր Մը

By adminx - Wed Oct 31, 7:39 am

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ Քասլիքի Ս. Հոգի (ԻՒԶԵՔ)  համալսարանին մէջ «ԼԻՐԱ» ծրագիրին շրջագիծին մէջ ստորագրեց համաձայնագիր մը նախարարութեան, համալսարանին եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան միջեւ:

Այս ծրագիրը կ՛ընդգրկէ ճարտարարուեստի նախարարութեան, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան եւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններուն միջեւ գործակցութիւն ստեղծել` ճարտարարուեստի յատուկ հետազօտութիւններ կատարելու առումով:

Համաձայնագիրին ստորագրութեան առիթով նախարար Սապունճեան ընդգծեց, որ անողորմ եւ անխնայ մրցակցութեան դէմ պայքարելու համար անհրաժեշտ է ունենալ քաջալերանքի զէնքը եւ այդ պատճառով ալ պէտք է ստեղծել որակաւոր ճարտարարուեստ, որ բարձր չափանիշերու եւ արժէքներու վրայ հիմնուած ըլլայ:

Իր կարգին, Քասլիքի Ս. Հոգի (ԻՒԶԵՔ)  համալսարանի նախագահ հայր Ֆատի Մահֆուզ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն մօտ զգալի է միասնական աշխատանքի բացակայութիւնը եւ այդ պատճառով է, որ Լիբանան մեծ յաջողութիւններ չ՛արձանագրեր:

 

Leave a Reply

Advertisement