Monday May 20, 2013

Զօր. Քահուաժի. «Վճռած Ենք Պաշտպանել Թրիփոլին»

By adminx - Wed Oct 31, 7:37 am

Բանակի հրամանատարը եւ բարձրաստիճան սպաներ` իրենց շրջապտոյտին ընթացքին

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր ստուգեց շրջանին մէջ դիրքաւորուած բանակի զօրամասին դիրքերն ու բանակայիններուն տուաւ որոշ ցուցմունքներ:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը վճռակամ է պաշտպանելու հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքը եւ անոր ապահովական կայունութիւնը` աւելցնելով, որ բանակին հրամանատարութիւնը մնայուն կապի մէջ է Թրիփոլիի հոգեւոր եւ քաղաքական հեղինակութիւններուն հետ:

Զօր. Քահուաժի անդրադարձաւ նաեւ Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ վերջերս արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն` շեշտելով, որ երկու շրջաններուն մէջ գտնուող անկարգապահ զինեալ խմբաւորումներ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը վտանգի ենթարկած են: «Բանակը նման խուլիկաններու նկատմամբ թոյլ վերաբերում պիտի չցուցաբերէ, ընդհակառակն` ան ապահովական այլ միջոցառումներու պիտի դիմէ` իր հակակշիռին տակ առնելու համար այդ խմբաւորումները», ըսաւ ան:

Զօր. Քահուաժի կոչ ուղղեց Լիբանան ժամանող բոլոր անհատներուն յարգելու երկրին գերիշխանութիւնը:

Բանակի հրամանատարը նաեւ հաստատեց, որ բանակը կը զօրակցի այն բոլոր քաղաքական ուժերուն, որոնք օրէնքին կ՛ենթարկուին, եւ դէմ է բոլոր անոնց, որոնք երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը կը խզեն:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին խուսափելու քաղաքական բանավէճերէն եւ պահպանելու երկրին բանակը:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ Թրիփոլիի ապահովական կայունութեան վերահաստատումը անհրաժեշտ է եւ այդ պատճառով ալ բանակը պիտի բազմացնէ շրջուն ջոկատներուն հսկողութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի պատասխանէ իւրաքանչիւր կրակոցի, ինչ ալ ըլլայ անոր աղբիւրը:

Leave a Reply

Advertisement