Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Wed Oct 31, 7:30 am
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան հետաքննութիւնը կը շարունակուի, սակայն ցարդ ոչ մէկ նորութիւն կայ: Ան նշեց նաեւ, որ այդ նպատակով Լիբանան ժամանած ամերիկեան դաշնակցային գաղտնի սպասարկութեան` «Էֆ. Պի. Այ.»-ի պատուիրակութիւնը աւարտած է իր աշխատանքը եւ մօտիկ ապագային ամբողջական տեղեկագիր մը պիտի պատրաստէ այդ մասին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ ինք պիտի չմասնակցի այսօր գումարուելիք խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերու նիստին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ ինք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ ոչ մէկ հարց ունի: Ան հերքեց այդ մասին շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր լուրերը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամ ուսանողներուն միջեւ բախումներ արձանագրուեցան Լիբանանեան համալսարանի իրաւաբանական ճիւղի երկրորդ մասնաճիւղին մէջ` Ժալ էլ Տիպ: Բախումները վերջ գտան լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն միջամտութեամբ: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամ ուսանողներուն միջեւ արձանագրուած բախումները պատճառեցին վիրաւորներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց, որ ներկայ հանգրուանին իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` իրենց յարաբերութիւնները ամրապնդելու արաբ ժողովուրդներուն հետ:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները պիտի առաջնորդեն համայնքներուն միջեւ երկփեղկում չպատճառող ուղին:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ պետական նշանակումներուն պարագային որոշ տարակարծութիւններ կան` աւելցնելով, որ այդ տարակարծութիւնները կարելի է լուծել յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին:
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print



