Օպամա Նիւ Եորքը «Մեծ Աղէտ»-ի Գօտի Կը Յայտարարէ
By adminx - Wed Oct 31, 7:23 am
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print
«Սենտի» փոթորիկին Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափը հարուածելով ողողումներ պատճառելէ եւ միլիոնաւոր քաղաքացիներ ելեկտրականութենէ զրկելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Նիւ Եորքը «մեծ աղէտ»-ի գօտի յայտարարեց:
Մրցանշային 4 մեթր բարձրութեամբ մակընթացութիւն մը Նիւ Եորք քաղաքի փապուղիներու համակարգէն լայն բաժիններ ովկիանոսի ջուրով լեցուց: Մանհաթընի մէջ ելեկտրականութեան կայան մը պայթեցաւ, այլուր հիւանդանոց մը դատարկուեցաւ եւ հրդեհներ 50 բնակարաններ քանդեցին:
Ամերիկեան շարք մը նահանգներու տարածքին փոթորիկին պատճառով արձանագրուեցան շուրջ քսան զոհեր, որոնց 10-ն` Նիւ Եորք քաղաքին մէջ: Առնուազն 8 միլիոն բնակարաններ եւ գործատեղիներ ելեկտրականութենէ զրկուեցան: 50 միլիոն քաղաքացիներ փոթորիկին հետեւանքները կրեցին եւ անոնցմէ 1 միլիոնը իրենց բնակարաններէն հեռանալու հրաման ստացան:
Նիւ Եորքի քաղաքապետ Մայքըլ Պլումպըրկ յայտնեց, որ հաւանաբար Նիւ Եորք քաղաքը երկու կամ երեք օր շարունակէ առանց ելեկտրականութեան մնալ: Մանհաթընի մէջ 5 հարիւր հազար բնակարաններ մնացին առանց ելեկտրականութեան:
Օդերեւութաբաններ նախատեսեցին, որ փոթորիկը 24-36 ժամ մնայ 12 նահանգներու վերեւ:
«Սենտի» արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն փչող պաղ հովերուն միանալով կազմեց ահարկու փոթորիկ մը, զոր օդերեւութաբանները կոչեցին «Ֆրանքընսթորմ»` զայն նմանցնելով Ֆրանքընշթայն հրէշին:
«Սենտի» անցեալ շաբթուան ընթացքին Քարայիպեան կղզիներուն մէջ աւելի քան 80 զոհ խլեց:
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print




