Friday May 24, 2013

«Թուրքիոյ Հետ Յորդանանի Յարաբերութիւնները Ծանօթ, Իւրայատուկ Եւ Ուժեղ Յարաբերութիւններ Են» Կ՛ըսէ Յորդանանի Վարչապետը

By adminx - Wed Oct 31, 7:22 am

Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նուսուր «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Թուրքիոյ հետ Յորդանանի յարաբերութիւնները ծանօթ եւ հինէն ի վեր իւրայատուկ յարաբերութիւններ են, իսկ Միջին Արեւելքի շրջանի ներկայ կացութիւնը կը պահանջէ երկու պետութեանց միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել: Ինչ կը վերաբերի երկու պետութեանց միջեւ յարաբերութեանց, անոնք տարուէ տարի կը զօրանան»:

Յորդանանի վարչապետը նաեւ «բարեկամ Թուրքիոյ պետութեան յաջողութիւն եւ յաւելեալ յառաջդիմութիւն» մաղթած է:

 

Leave a Reply

Advertisement