ՄԱԿ Իրանին Գումար Յատկացուցած Է Ուրմիոյ Լիճի Չորացումը Կանխարգիլելու Համար
By adminx - Wed Oct 31, 7:18 am
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի կենսոլորտի պահպանութեան կազմակերպութեան ղեկավար Մուհամմետճաւատ Մուհամմետիզատէ յայտնած է, որ ՄԱԿ Իրանին 135 միլիոն տոլար տրամադրած է` Ուրմիոյ լիճի կենսոլորտային խնդիրներու լուծման համար:
Մուհամմետիզատէ յայտարարած է, որ Իրանի լիճերու, ներառեալ Ուրմիոյ լիճի հիմնական խնդիրը լիճերուն մէջ լեցուող գետերու ջուրերն են:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Ուրմիոյ լիճին շուրջ 70 առ հարիւրը արդէն չորցած է: Այժմ ջուրի մէկ լիթրին մէջ 400 կրամ աղ կայ: Նախապէս ատիկա 160-170 կրամ կը կազմէր:
Նախապէս Ահմատինեժատ յանձնարարած էր Արաքսի ջրամբարէն Սալմաստ եւ Խոյ քաղաքներու ճամբով Ուրմիոյ լիճ ջուր հասցնել:
Ուրմիան Իրանի մեծագոյն, իսկ աշխարհի խոշորագոյն աղի լիճերէն մէկն է, որ վերջերս յայտնուած է չորնալու վտանգին առջեւ:
Բնապահպանները մտահոգուած են նախապէս 5400 քառակուսի քիլոմեթր մակերես ունեցող լիճի արագօրէն ցամքելու փաստով եւ կը նշեն, որ յառաջիկայ քանի մը տարուան ընթացքին լիճը կրնայ ամբողջութեամբ անհետանալ:
Լիճի մակերեսի փոքրացումը կ՛ազդէ նաեւ ատոր կենդանական եւ բուսական աշխարհին վրայ:
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print



