Friday May 24, 2013

Առեւանգումներ` Պէյրութ-Հալէպ Ճամբուն Վրայ

By adminx - Wed Oct 31, 7:16 am

Հալէպի մեր աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ 29 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Պէյրութէն Հալէպ ուղղուող «Զէյթունի Թուրզ» ընկերութեան հանրակառքը, երեկոյեան ժամը 6:00-ի մօտերը, Հալէպէն շուրջ կէս ժամ հեռաւորութեամբ Սարաքեպ շրջանին մէջ կանգնեցուած է դիմակաւոր զինեալներու կողմէ, որոնք հանրակառք ներխուժելով եւ յետ ստուգման, առանձնացուցած են հանրակառքի քրիստոնեայ ճամբորդները եւ ապա, կիներն ու երեխաները ազատ թողնելով, իրենց մօտ պահած են տղամարդիկը: 11 հոգի, որոնց 7-ը հայեր են, երկուքը` արաբ քրիստոնեայ եւ երկուքը` քիւրտեր: Առեւանգեալները փոքր փոխադրակառքով տարուած են անորոշ ուղղութեամբ:

Աշխատանք կը տարուի առեւանգեալներու ինքնութիւնը իմանալու եւ անոնց ազատ արձակումը ապահովելու համար:

 

Leave a Reply

Advertisement