Thursday May 23, 2013

Հայտար Ալիեւ` Մեքսիքոյի Սրտին Մէջ, Կամ Երբ «Ուշ Լինի»-ն… «Նուշ Լինի» Չէ

By adminx - Wed Oct 31, 5:44 am

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ամէնէն անիրազեկ հայուն համար պարզ է (կամ պէտք է ըլլայ), որ ազերի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի շուրջը պտտող հունգարա-ազրպէյճանական հանրայայտ գայթակղութիւնը քարոզչական պատերազմի մեկուսի օրինակ մը չէ:

Գուրգէն Մարգարեանի տմարդի սպանութեան հետեւած խայտառակութենէն վաղը միայն աղօտ յիշատակն ու գերեզման մը կրնայ մնալ Երեւանի մէջ, բայց հոկտեմբերի սկիզբը միջազգային մամուլին մէջ արդէն լայն արձագանգի արժանացող նոր խայտառակութեան իրեղէն ու կոթողական ապացոյցները արդէն իրենց ամբողջ հասակով… խոյացած են Մեքսիքօ Սիթիի կեդրոնին մէջ:

Ի շարս այլոց, հոկտեմբեր 1-ին «Հաֆինկթըն փոսթ» առցանց օրաթերթը եւ Հոկտեմբեր 2-ին Պի.Պի.Սի.ի անգլերէն եւ սպաներէն սպասարկութիւնները երկար ու փաստալից յօդուածներով անդրադարձած են Մեքսիքօ Սիթիի մէջ Խորհրդային Ազրպէյճանի Քա. Կէ. Պէ.ի վարիչ, ապա` կուսակցապետ, ապա` համախորհրդային Փոլիթպիւրոյի բարձրաստիճան պաշտօնատար, ապա` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տասնամեայ մենատէր Հայտար Ալիեւի արձանի կանգնեցումի փաստին, որ այժմ զետեղուած է Մեքսիքայի մայրաքաղաքի «Մեքսիքօ Սիթի-Ազրպէյճան բարեկամութեան այգի»-ին մէջ: Այս զբօսայգին այգին մաս կը կազմէ քաղաքի «Ռեֆորմայի ծառուղի»-ին, ուր ներկայիս Ալիեւ բազմած է, բառացիօրէն, Մահաթմա Կանտիի, Ապրահամ Լինքոլնի եւ Մեքսիքայի ազգային հերոսներու արձաններուն մերձաւորութեան:

Բնականաբար, «Ազրպէյճանի ազգային առաջնորդ» Ալիեւի արձանը նորութիւն չէ: Ըստ անգլերէն ուիքիփետիայի «Հայտար Ալիեւ՛զ քալթ աֆ փըրսընելիթի» յօդուածին (զարմանքով պէտք է արձանագրել, որ ազրպէյճանցի հայրենասէր մը յաջողած չըլլայ այդ յօդուածը ջնջել), Ազրպէյճանի 41 քաղաքներու կողքին նման արձաններ արդէն կային Քիեւի, Պուքրէշի, Մոլտովայի (երկու), Թիֆլիսի, Գահիրէի, Ռուսիոյ (երեք), Թուրքիոյ (երեք) եւ Պելկրատի մէջ: Մեքսիքօ Սիթին առժամաբար վերջին օղակն է այդ շղթային:

Բայց ինչպէ՞ս նման կասկածելի նախընթացներով «ազգային հերոս» մը հասած է Մեքսիքա:

Պրոնզեայ «ստալինատիպ» «Հաֆինկթըն փոսթ» լրագրող Մարք Սթիվընսընի բնորոշումն է) արձանը, որ ցոյց կու տայ «Ազրպէյճանի հիմնադիր հայր»-ը նստած` իր երկրին մարմարեայ վիթխարի քարտէսին առջեւ, բացուած է օգոստոս 22-ին, այսինքն` Սաֆարովի ազատ արձակումէն շաբաթ մը առաջ:

Բայց լուրը, բացի ազրպէյճանական լրատու միջոցներէ, կը թուի ոչ ոք հետաքրքրած ըլլալ, մինչեւ որ մեքսիքացիները իրար անցեր են: Սթիվընսըն տեղեկագրած է, թէ սեպտեմբերի վերջին շաբաթը մարդկային իրաւանց պաշտպաններու փոքրաթիւ խումբ մը ցոյց մը կատարած է արձանին դիմաց` «Մենատէրը հանեցէ՛ք» նշանախօսքով պաստառներ պարզած: Ակնարկելով արձանին` ցուցարարներէն Տանիէլ Կերշենսոն յայտնած է, թէ «հաւանաբար այս բաներով լեցուն ամբար մը ունին տեղ մը» Ազրպէյճանի մէջ:

Գրող ու մարդկային իրաւանց պաշտպան Հոմերօ Արիճիս ըսած է, թէ` «Մեքսիքա փոխադրուած անհատի պաշտամունքի պէս բան մըն է», արձանին ոճը նկարագրելով որպէս «խորհրդային ժամանակաշրջանի ընկերվարական իրապաշտութիւն»: Ան աւելցուցած է. «Կարծես թէ Հրատէն բռնատէր մը բերած ըլլային: Արդեօք մեռած մենատէրերու կեդրոնի՞ մը պիտի վերածուինք: Ո՞վ է յաջորդը: Հիթլե՞ր, Ստալի՞ն»:

Անցորդ մը` երկրորդականի աշակերտ 18-ամեայ  Միկէլ Անխէլ Մենտոսա, ըսած է Սթիվընսընին. «Իսկապէս անտեղի է: Ինչո՞ւ չէին կրնար արձան մը կանգնեցնել մէկու մը, որ իրապէս լաւ բան մը ըրած ըլլար»:

Մեքսիքացի պատանիին պատասխանը կարելի է գտնել սպաներէն ասացուածքի մը մէջ` «Դրամի սիրոյն կապիկը կը պարէ»: Կամ` թուրք-ազրպէյճանցիներուն քաջ յայտնի տարբերակով, «փարայը վերէն, տիւտիւկիւ չալար»:

Արդարեւ, Ազրպէյճանը ո՛չ թէ մէկ, այլ երկու զբօսայգիներու վերանորոգման գումարը (65 միլիոն փեսօ, այսինքն` 5 միլիոն տոլար) հոգացած է, ինչ որ իրաւունք տուած է ո՛չ թէ մէկ, այլ երկու արձաններ տեղադրելու: Ինքնաշարժ լուացող մը` Խոսէ Ռոմէօ, որ զբօսայգիին մօտերը կ՛աշխատի, ըսած է. «Ով որ կը վճարէ, կ՛ընտրէ: Չեմ կարծեր, որ յատկապէս լաւ գաղափար մըն է (Ալիեւի արձանը կանգնեցնել), բայց ի՞նչ կրնանք ըսել մենք` մեքսիքացիներս: Պէտք է մեր լեզուն խածնենք, որովհետեւ անոնց դրամը վճարած է այս բոլորը»:

Ըստ Մեքսիքայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Իլկար Մուխթարովի` այս յատուկ հոգածութիւնը կը բխի այն հանգամանքէն, որ Մեքսիքան առաջին երկիրներէն եղած է, որ Ազրպէյճանի անկախութիւնը ճանչցած է Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք: Ան աւելցուցած է, որ Մեքսիքօ Սիթիի քաղաքապետարանին ուղղակի վճարում կատարուած չէ: Դեսպանատունը վարձած է կապալառու ընկերութիւնները, որոնք նորոգած են երկու զբօսայգիները` քաղաքի իշխանութիւններուն հետ գործակցելով: Մեքսիքօ Սիթիի շրջանաւարտ քաղաքապետ Մարսելօ Էպրարտի (որ, ըստ լուրերու, ձախակողմեան թեկնածուն կրնայ ըլլալ 2018-ի նախագահական ընտրութիւններուն) բացումին յայտնած է, թէ զբօսայգիին վերանորոգումը «երկու ժողովուրդներուն աւելի մօտենալու կամքին արտայայտութիւնն է»:

Մեքսիքացի լրագրող եւ քաղաքային հարցերու մասնագէտ Անտրես Լաժուս այլ կարծիք ունի. «Ըստ էութեան, անոնք [Մեքսիքօ Սիթիի քաղաքապետութիւնը] պատեհապաշտ եղած են, այն իմաստով, որ Ազրպէյճանէն դրամը ստացած են` գիտնալով, որ քաղաքական իմաստը անթափանցելի է Մեքսիքօ Սիթիի մէջ: Անթափանցելի պիտի չըլլար, եթէ զետեղէին Ճորճ Ու. Պուշի, կամ, ըսենք, Հիւկօ Չաւեսի արձան մը: Չաւէսի արձանը չէին զետեղեր, նոյնիսկ եթէ մեծ գումար մը վճարէր: Բայց Ազրպէյճանը հեռու է, եւ շատ քիչ բան գիտենք անոր մասին»:

Անպաշտպանելին պաշտպանելու իր ճիգին մէջ դեսպանը հասած է ծիծաղելիութեան գագաթնակէտին. «Այս արձանը նպատակ չունի ոեւէ մէկուն վարկը բարելաւելու, որովհետեւ Հայտար Ալիեւի ընկալումը աշխարհի կողմէ ո՛չ մէկ վարկափրկումի կարիքը ունի» (այս եւ բոլոր ընդգծումները մերն են. Վ.Մ.): Ըստ այնմ, «Ազրպէյճանի ազգային ղեկավար» վերնագրուած երկլեզու (անգլերէն ու սպաներէն) յուշատախտակը իր եզրափակիչ պարբերութեան մէջ կը յայտնէ, թէ` «Միջազգային մեծ թիւով մրցանակներու արժանացած Հայտար Ալիեւի կեանքն ու գործունէութիւնը փայլուն օրինակ մըն են անհուն նուիրումի` հայրենիքին հանդէպ, եւ հաւատարմութեան` աշխարհի խաղաղութեան համամարդկային իտէալներուն»:

Ալիեւ, բնականաբար, վարկափրկումի կարիքը չունի, քանի որ անոր վարքը արդէն պատմութեան անցած է: Գրեթէ տասնամեակ մը առաջ արձանագրուած «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մահախօսականին հետեւեալ տողերը աւելի քան պերճախօս են. «Անոր մենատիրական կառավարութիւնը հակասական միտումներով բնորոշուած էր: Մինչ ան անկասկած որոշ կայունութիւն պարգեւած է Ազրպէյճանին, քաղաքական կեանքը խառնափնթոր եղած է, պարոն Ալիեւի դէմ գործուած բռնաշրջումներու եւ ոճրափորձերու յաճախակի զեկոյցներով եւ ընդդիմադիրներու կողմէ նոյնքան յաճախակի գանգատներով` ընտրական խախտումներու, մարդկային իրաւունքներու բռնաբարումներու եւ ձայնախեղդ մամուլի մասին» («Տը Նիւ Եորք Թայմզ», 13 դեկտեմբեր, 2003):

Աւելցնենք, որ դեսպանը չէ խուսափած ուրիշ ծիծաղաշարժ խօսքերէ: Պի. Պի. Սի.-ի սպաներէն բաժնին տուած գրաւոր հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, թէ Ալիեւի ու Հիթլերի «կեղտոտ համեմատութիւնը»… «հայկական սփիւռքին կողմէ հովանաւորուած» էր: Բնականաբար, մեքսիքացիները նման համեմատութեան չէին կրնար յանգիլ ինքնուրոյն կերպով…

Պի. Պի. Սի.-ի անգլերէն բաժնի լրագրող Ուիլ Կրանթ կը տեղեկագրէ, թէ արձանէն հեռանալու պահուն, լրագրական աշխատանքը վերջացնելէ ետք, «արտառոց հանդիպում մը» ունեցած է: Զբօսայգիին աշխատաւորներէն մէկը մօտեցած է իրեն եւ` հարցուցած, թէ ո՞ր լրատուական միջոցը կը ներկայացնէր: Աւելցուցած է, թէ ազրպէյճանական դեսպանատունը անպայման կ՛ուզէ անոր հետ խօսիլ.

«Քանի մը վայրկեանէն ան հեռաձայնած էր դեսպանատուն եւ կ՛օգնէր դասաւորելու դեսպանին հետ մեր տեսակցութիւնը: Ստալինատիպ վերահսկողութի՞ւն, թէ՞ անվնաս օժանդակութիւն` մտահոգ անցորդէ մը, որ շահագրգռուած է Ազրպէյճանով: Երբ դեսպան Մուխթարովին հարցուցինք, ան մեզ վստահեցուց, որ վերջինն էր: Պաքուի կառավարութեան քննադատներ կրնան այդ պահը (եւ հանգուցեալ նախագահին նուիրուած արձանը) քիչ մը տարբեր աչքով դիտել»:

Արդ, ինչպէս վերը ըսինք, մէկ պարտէզով չի վերջանար հարցը: Քաղաքապետ Էպրարտ բացումը կատարած է նաեւ մերձակայ երկրորդ զբօսայգիին` «Թլաքսքոաքէի հրապարակը»` յայտնելով, որ` «Թլաքսքոաքէի հրապարակը հիմա ուրիշ բան է (…). հիմա պատուաւոր տեղ մըն է (…), նուիրուած է խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդոց իրաւունքներուն, այն ինչին, որ կը հաւատանք»:

Կարելի է կասկածիլ մեքսիքացի քաղաքապետին ուղղամտութեան կամ նոյնիսկ անոր խաղաղասիրական ու ժողովրդավարական սկզբունքներուն վրայ, երբ կ՛անդրադառնանք, որ այդ հրապարակին վրայ այժմ բարձրացող արձանը կը ներկայացնէ ձեռքերը բարձրացուցած կին մը` սգալու դիրքին մէջ, եւ կը պատկերացնէ Խոջալուի «ջարդը»: Բնականաբար, Ազրպէյճանի դեսպանատունը պէտք եղած աղմուկը բարձրացուցած է` «ճշմարտութիւնը» սփռելու համար: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլաեւ նոյնիսկ հաւաստած է, որ յիշեալ հրապարակը վերամկրտուած է «Խոջալի հրապարակ» («Մեքսիքօ սիթի՛զ սքուեր նէյմըտ Խոջալի», «Թրենտ» գործակալութիւն, 23 օգոստոս, 2012):

Կ՛արժէ յիշեցնել, որ Ազրպէյճանի դեսպանատունը յունուար 2007-ին հաստատուած է Մեքսիքայի մէջ, իսկ 2011-ին մեքսիքա-ազրպէյճանական բարեկամութեան խումբ մըն ալ ստեղծուած է` Մեքսիքայի խորհրդարանի անդամներով: Թուրքիոյ դեսպանին եւ Իրանի ու Իրաքի հաւատարմատարներուն ներկայութեամբ տեղի ունեցած բացման ձեռնարկին, խորհրդարանի արտաքին գործոց յանձնախումբին քարտուղարը` երեսփոխան Լէոնարտօ Կիլլեն Մետինա, յայտնած է լուրը, «ընդգծած է այդ երկրին [Ազրպէյճանի] պայքարը իր քաղաքացիներուն իրաւունքներուն համար, զոր օրինակելի որակած է: Ան ըսած է, թէ յիշատակարան մըն է աշխարհին` մարդկային իրաւունքներու ոչ-բռնաբարման մասին»:

(http://informate.com.mx/tribuna-parlamentaria/quedo-instalado-el-grupo-de-amistad-mexico-azerbaijan.html):

Ազրպէյճան` մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան օրինա՞կ:

Մարդ կրնայ կարեւորութիւն չտալ այս բոլորին, ինչպէս եւ այն իրողութեան, որ մեքսիքական նշանաւոր ծովեզերեայ քաղաքին` Աքափուլքոյի մէջ 2011-ին պարսիկ բանաստեղծ Նիզամիի (զոր ազրպէյճանցիները կ՛իւրացնեն` Գանձակ (Գեանջա) ծնած ըլլալուն համար) յուշարձանի մը հիմնաքարը զետեղուած ըլլայ:

Բայց Խոջալուի «ջարդ»-ի արձանին, այսինքն` խեղաթիւրման շօշափելի խորհրդանիշի մը հաստատումը Մեքսիքայի մայրաքաղաքի սրտին մէջ, տեղիք պէտք է տայ մտահոգութեան:

Ընթերցողը թերեւս հարցնէ` ի՞նչ կ՛ընէ Հայաստանի կառավարութիւնը:

Ըստ «Արմենփրես»-ի հաղորդագրութեան, անցեալ սեպտեմբեր 28-ին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Նիւ Եորքի մէջ տեսակցած է մեքսիքացի իր պաշտօնակիցին` Փաթրիսիա Էսփինոսայի հետ: Ան անդրադարձած է Հայաստանի ու միջազգային հանրութեան թափած ջանքերուն` Արցախի հակամարտութիւնը լուծելու համար: Ան յայտնած է նաեւ, թէ Հայաստան մտադիր է 2013-ին դեսպանատուն բանալ Մեքսիքայի մէջ:

Ճիշդ է, Մեքսիքայի մէջ հայկական աննշան ներկայութիւն մը կայ, որ դժբախտաբար որեւէ կառոյց չունի: Եթէ ունենար նոյնիսկ, դժուար է երեւակայել, որ 500-1000 հոգինոց գաղութ մը շատ լսելի կարենար ըլլար 113 միլիոն բնակչութեամբ, Լատին Ամերիկայի սպանախօս ամենամեծ երկրին մէջ: Միայն ինչ-ինչ անհատական ձայներ կը բարձրանան երբեմն, ինչպէս, օրինակ, վաստակաւոր կենսաբան Խոսէ Սարուխանը (զաւակը` Արթուրօ Սարուխան, Մեքսիքայի դեսպանն է Միացեալ Նահանգների մէջ), որ յօդուածներ գրած է մամուլին մէջ` հակադարձելով ազրպէյճանամէտ քարոզչութեան: Բայց կը մնայ առեղծուածային, թէ ինչո՞ւ հայկական շահերը պաշտօնապէս կը թուին որբ մնացած ըլլալ ազրպէյճանական ուղղակի ներկայութեան դիմաց:

Լաւ է ուշ, քան երբեք, կ՛ըսուի նման պարագաներու: Բայց այս պարագային, երբ «ուշ լինի», դժուար է, որ «նուշ լինի»:

 

Նիւ Ճըրզի

Leave a Reply

Advertisement