Friday May 24, 2013

Մեքսիքացիներ Կը Պահանջեն Քանդել Հայտար Ալիեւի Արձանը

By adminx - Wed Oct 31, 5:42 am

Մեքսիքոյի Փոլանկօ զբօսայգիին մէջ զետեղուած են Ապրահամ Լինքըլնի, Մարթին Լիւթէր Քինկի, Մահաթմա Կանտիի արձանները, իսկ վերջերս հոն յայտնուած է նոր արձան մը` Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի պրոնզաձոյլ արձանը: Քաղաքի այդ բանուկ մասին մէջ Ալիեւի արձանի զետեղումը զայրոյթ ու տարակուսանք պատճառած է մեքսիքացիներուն, որոնք գիտեն, թէ ո՞վ է Հայտար Ալիեւը եւ զայն կը ճանչնան որպէս բռնատէր նախագահ մը:

«Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը լրատուութիւն մը հրապարակած է այս մասին ու կը գրէ, թէ այս արձանի զետեղումը երբեք տարբերութիւն չունի այն մօտեցումէն, որ օրինակ Ուկանտայի բռնատէր Իտի Ամինի արձանը զետեղուի Ուաշինկթընի մէջ: Մեքսիքացիներ կը յայտարարեն, որ Հայտար Ալիեւի արձանը վիրաւորանք է ու կը պնդեն, որ անհրաժեշտութիւն չկայ դուրսէն «գէշ» խորհրդանիշեր ներմուծելու:

Ցուցարարներ կը պահանջեն քանդել Ալիեւի արձանը: Այգին, ուր զետեղուած է այդ արձանը, կը կոչուի Բարեկամութեան զբօսայգի, սակայն ցուցարարներ կ՛առաջարկեն նոր անուանում մը` «Ամօթի զբօսայգի»:

«Լոս Անճելըս Թայմզ» կը նշէ, որ Մեքսիքայի իշխանութիւններու կողմէ Ազրպէյճանին թոյլատրուած է Հայտար Ալիեւի արձանը զետեղել` 3-5 միլիոն տոլար ծախսելու գնով: «Ալիեւ նստած է մարմարեայ պատուանդանի վրայ, իր անունը փորագրուած է ոսկեայ տառերով, իսկ յուշատախտակի վրայ գրուած է, որ Քա.Կէ.Պէ.-ի նախկին գործիչը հայրենիքին նկատմամբ անսահման սիրոյ փայլուն օրինակ կը հանդիսանայ: Հոն չկայ որեւէ յիշատակութիւն: «Ուիքիլիսք»-ի տեղեկութիւններէն, ուր ամերիկացի դեսպան մը Ալիեւի գերդաստանը կը բաղդատէր մաֆիայի պարագլուխներէն մէկուն` Քոռլէոնի ընտանիքին հետ, թէ ինչպէս այդ երկիրը տարիներ շարունակ ընդգրկուած էր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան սեւ ցանկին մէջ, կամ թէ ինչպէս Ալիեւ գերդաստանը յաճախ կը մեղադրուի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններու տեղեկագիրներու մէջ», կը նշէ պարբերականը:

«Լոս Անճելըս Թայմզ» կը գրէ նաեւ, որ նախորդ ամիս Քանատայի Օնթարիօ քաղաքի մէջ` հանրային ճնշումներուն տեղի տալով, քանդուեցան արձաններ, որոնք զետեղուած էին ի պատիւ Հայտար Ալիեւի:

Leave a Reply

Advertisement