«Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութեան Ճանաչման Համար Միջազգային Բարենպաստ Պայմաններ Կան» Կ՛ըսէ Պեքարեան
By adminx - Wed Oct 31, 5:40 am
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print
«Եւրոպական համարկում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Կարէն Պեքարեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ աշխարհի մէջ ընթացող վերջին զարգացումները բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման համար: Ան նշեց, որ Մեծն Բրիտանիոյ, Սպանիոյ, Պելճիքայի եւ աշխարհի այլ մասերուն մէջ վերջերս նկատուող անկախական ձգտումները քաղաքակիրթ մօտեցումներու կ՛արժանանան այդ երկիրներու իշխանութիւններուն կողմէ: Պեքարեան ընդգծեց, որ աշխարհը իր օրինակով ցոյց կու տայ, որ ուժի միջոցով խնդիրներու լուծումը անցեալին մաս կը կազմէ:
Ըստ քաղաքագէտին, շարք մը ազդեցիկ երկիրներու կողմէ սեփական տարածքին վրայ տեղի ունեցող ինքնորոշման ձգտումներուն յարձակողական դրսեւորում չունենալը զսպիչ գործօն կը հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի գծով այդ երկիրներուն ունեցած դիրքորոշման վրայ:
Պեքարեան համոզուած է, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեամբ վերջին զօրավարժութիւնները, բացի ռազմական իմաստներէն, իրենց մէջ որոշ քաղաքական ուղերձ կը պարունակէին: «Որքան ալ մենք բարձր վստահութիւն ունենանք մեր գործընկերներուն վրայ, այսուհանդերձ, մենք մեր վրայ պէտք է դնենք յոյսը», ընդգծեց ան:
Անդրադառնալով «սաֆարովեան» դէպքին յաջորդած իրավիճակին` Պեքարեան նշեց, որ Ազրպէյճանի յոյսերը չարդարացան եւ Հայաստան դուրս չեկաւ բանակցային հոլովոյթէն: Քաղաքագէտը աւելցուց, որ Սաֆարովի դէպքով պայմանաւորուած` Հայաստան պէտք է իր դիրքորոշումը կարծրացնէ բանակցային հոլովոյթին մէջ: Կարէն Պեքարեան ընդգծեց, որ Սաֆարովի ազատ արձակումը, Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու ծիրէն ներս, փորձ մըն էր ծայրայեղ ազգայնական դրսեւորումները կապել ընտրութիւններուն մէջ Ալիեւի խմբակի յաջողութեան հասնելու ձգտումներուն հետ:
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print



