Saturday May 25, 2013

50 Տարի Առաջ ( 31 Հոկտեմբեր 1962 )

By adminx - Wed Oct 31, 5:31 am

Երգիծանքը
Երկաթէ
Վարագոյրին Ետին

Պատահական այցելու մը խորհրդային տիեզերանաւորդ Կերման Թիթովի տունը գնաց եւ սակայն տան մէջ գտաւ միայն փոքրիկ մանչուկ մը:

- Ո՞ւր է հայրիկդ,- հարց տուաւ այցելուն:

- Ո՜հ, հոս չէ, անջրպետի մէջ կը ճամբորդէ, երեք ժամէն պիտի վերադառնայ:

- Ուրեմն, ո՞ւր է մամադ:

- Գնում ընելու գնաց, վեց ժամէն պիտի վերադառնայ…

                                         ***

2000 թուականին Փրակայի մէջ տղայ մը իր հօր հարցուց, թէ ի՞նչ է նշանակութիւնը «պոչ բռնել»-ու: Հայրը իրեն տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը.-

1962 թուականին կարագը հազուագիւտ էր, հետեւաբար մարդիկ կարագ կարենալ գնելու համար իրարու ետեւ պոչ կը բռնէին…:

- Եւ սակայն, հայրիկ, կարագ ըսուածը ի՞նչ բան է…:

                                          ***

Առաջին հունգարացին.- Համայնավար կուսակցութեան պետ Եանոշ Կատարի եւ Սփութնիքի տարբերութիւնը ի՞նչ է:

Երկրորդ հունգարացին.- Իրաւ որ չեմ գիտեր:

Առաջինը.- Ոչ մէկ տարբերութիւն, որովհետեւ երկուքն ալ կը ղեկավարուին Մոսկուայի կողմէ:

 

Հայաստան

Համաճարակագիտութեան
Հայ
Մասնագէտը

Համաճարակագիտութեան մասնագէտ մը կը նկատուի փրոֆ. Առնօ Ալեքսանեան, որուն ծննդեան 70-ամեակին առթիւ յոբելենական երեկոյթ մը կազմակերպուած էր վերջերս, Երեւանի մէջ:

1916-ին աւարտելէ ետք Օտեսայի համալսարանին բժշկական ճիւղը, զօրակոչի կ՛ենթարկուի, իսկ պատերազմէն ետք կը հաստատուի Հայաստան: Առաւելաբար իր հետազօտութիւններուն եւ բուժումի միջոցներուն շնորհիւ է, որ Խորհրդային Միութեան մէջ Հայաստան առաջին երկիրը կը դառնայ, ուր կեղծամաշկի հիւանդութիւնը ի սպառ կը ջնջուի:

Փրոֆ. Առնօ Ալեքսանեան գրած է 110 գիտական աշխատութիւններ, մենագրութիւններ եւ դասագիրքեր: Անդամ ընտրուած է Խորհրդային Միութեան բժշկական գիտութիւններու ակադեմիային:

Առատ Խաղող

Հայաստանի հեռագրական գործակալութեան համաձայն, այս տարուան խաղողի արտադրութիւնը եղած է առատ: Արդարեւ, այգեպանները 150.00 թոնի փոխարէն` մթերանոցներուն յանձնած են 110.000 թոն խաղողի բերք: Բերքահաւաքը դեռ կը շարունակուի:

Բարելաւել Ճաշարաններուն
Վիճակը

Երեւան քաղաքի համայնավար կուսակցութեան կոմիտէն քննութեան առաւ, վերջերս, ճաշարաններուն, սրճարաններուն մէջ տիրող վիճակը եւ անոնց սպասարկութիւնները բարելաւելու խնդիրը:

Ժողովականները ցաւով դիտել տուած են, թէ Երեւանի ճաշարաններուն կամ սրճարաններուն մէկ կարեւոր մասին մէջ տեւաբար կը պակսին պտուղ եւ բանջարեղէն, ճաշատեսակը չափազանց աղքատ է, իսկ սպասարկութիւնը` թերի:

Պատասխանատուներէն շատեր գործէ հեռացուած են:

Նոր Հողեր Բերրի Պիտի Դառնան

Հայաստանի վերադաս մարմիններուն որոշումով 1963-1975 Արաքսի մօտերը գտնուող ցած վայրերուն մէջ պիտի իւրացուին, այսինքն բերրի հողերու պիտի վերածուին մօտ ութ հազար հեկտար աղ պարունակող հողեր: Այս գործին համար անհրաժեշտ է ունենալ մեծ քանակութեամբ ծծմբաթթու, որուն արտադրութեան համար միջոցներ ձեռք առնուած են արդէն:

Հեղուկ Կազի
Մատակարարումը

Հեղուկ կազի մատակարարման մէջ որոշ դժուարութիւններ մէջտեղ եկած են վերջերս, որովհետեւ գնդաձեւ տակառներու եւ կազի սարքաւորումներու մեծ պահանջ կայ: Նկատի ունենալով այս պարագան, եւ այն, որ տարուէ տարի կը շատնայ, Հայաստանի բնակչութեան պահանջը հեղուկ կազի նկատմամբ, պատկան մարմինները որոշեցին 1963-ին արտադրել 55.000, 1964-ին` 70.000 եւ 1965-ին 85.000 գնդաձեւ տակառներ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement