Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Wed Oct 31, 5:30 am
- 0 Comments
- 99 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դրամական ձեր հաշիւին վերաբերեալ լուրջ հարցեր կրնաք ունենալ, հետեւաբար իրարու մի՛ անցնիք եւ հանդարտութեամբ լուծեցէք այս հարցը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նոր միջավայր կամ` նոր որդեգրուած աշխատանքի ձեւ, որ կը պահանջէ կեդրոնացում, նոյն ատեն` հանգիստ աշխատելու տրամադրութիւն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ օրը չունենայ ձեր ծրագրածին համեմատ իրագործումներ, մնացէք հանդարտ եւ սպասեցէք նոր կարգադրութիւններու: Մտահոգիչ ոչինչ կայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ներկայ պիտի ըլլաք հաճելի երեկոյի մը` ձեր սիրած անձերով: Շատ պիտի ուրախանաք, որովհետեւ ձեզի հետ պիտի ըլլան կատակի վարպետներ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մոռցէք աշխատանքը եւ միացէք ձեր ընտանիքին կամ ձեր բարեկամներուն, այպիսով կրնաք անցընել բացառիկ օր մը, հանգիստ եւ զուարթ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընթերցում կատարեցէք մանուկներուն, պատմութիւններ ներկայացուցէք քաջերու եւ հերոսներու կեանքէն, որպէսզի անոնք ունենան փայլուն եւ առողջ երեւակայութիւն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօր պիտի մտածէք միայն ձեր կեանքին ընթացքը հունաւորելու եւ ձեր կեանքը ապրելու մասին: Գտէք նոր միջոցներ` ձեր փափաքը իրագործելու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ունիք զաւակներ, պիտի մտածէք զանոնք ուրախացնելու մասին, թերեւս տարեդարձային յիշատակութեամբ մը կ՛ունենաք տօնական օր մը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրը կրնայ ունենալ ձախող ընթացք մը եւ հակասութիւն մը, ինչ որ անբնական պիտի թուի ձեզի, քանի որ ամէն աշխատանք կատարած էիք: Հանդարտութեամբ ընկալեցէք հակասութիւնները եւ լուծում գտէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Թոյլ մի՛ տաք, որ եռանդով սկսուած օրը խանգարուի անիմաստ հարցերով: Ամէն ինչ կախեալ է ձեր իմաստուն կեցուածքէն, քանի որ օրը յաջող է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր շուրջինները վստահութիւն ունին ձեր վրայ եւ կ՛ուզեն, որ միշտ ներկայութիւն ըլլաք իրենց կողքին: Փնտռուած անձն էք միշտ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դիւանագէտ եղէք եւ գտէք ճիշդ բառեր` ձեր խօսակիցը համոզելու: Բարձրաձայն մի՛ խօսիք, եղէք մեղմ եւ հաճոյակատար, կը յաջողիք:
- 0 Comments
- 99 views
- Tweet
Email
Print



