Friday May 24, 2013

Նախագահ Սահակեան Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգին Եւ Հայ Դատի Յանձնախումբին

By adminx - Tue Oct 30, 7:56 am

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգին` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման եւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին` այդ գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:

Կառոյցի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբին ներդրած ջանքերուն համար, որոնց շնորհիւ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգ Նիւ Սաութ Ուէյլզը ճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:

«Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աւստրալիոյ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման ուղղուած հոլովոյթին: Մենք համոզուած ենք, որ անցեալին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան աջակցութեան ուղղուած ջանքերը պիտի շարունակուին նոյն եռանդով ապագային եւս: Այսպիսի գործողութիւններ ոչ միայն կը լուծեն Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի հարցը, այլ նաեւ զգալիօրէն կը ներգործեն` բարձրացնելու մեր քաղաքացիներու բարոյական վիճակը», շեշտեց Բակօ Սահակեան:

Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան նախագահ Սահակեանին վստահեցուց, որ «Աւստրալիոյ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբը եւ իր մասնաճիւղերու ցանցը պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը` հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման. Ղարաբաղը մշտապէս մեր միտքին մէջ է եւ աւստրալահայ համայնքը աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ անոր հպարտ ժողովուրդին»:

Leave a Reply

Advertisement