Tuesday May 21, 2013

«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Նախաձեռնութիւնը Օգնութեան Նոր Խմբաքանակ Ուղարկելու Գծով Բանակցութիւններ Կը Վարէ

By adminx - Tue Oct 30, 7:55 am

Վահան Յովհաննիսեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ Սուրիա մարդասիրական օգնութիւն ուղարկող «Օգնի՛ր եղբօրդ» հասարակական նախաձեռնութիւնը հերթական նոր խմբաքանակը ուղարկելու ուղղութեամբ բանակցութիւններ կը վարէ տարբեր օդանաւային ընկերութիւններու հետ:

«Նոր խմբաքանակը վաղը չենք կրնար ուղարկել, քանի որ այն նախարարութիւնները, որոնց հետ կը համագործակցինք, չեն աշխատիր տօներու առիթով», յայտնեց Վահան Յովհաննիսեան:

Անդրադառնալով Սուրիա ուղարկուող օգնութեան յաւելումին` Յովհաննիսեան յայտնեց, որ «Լիքվոր» դեղագործական ձեռնարկութիւնը 0,5 թոն դեղորայք տրամադրած է: Շուտով դրամական փոխանցում պիտի կատարուի նաեւ Զանգեզուրի պղինձի  եւ մոլիպտենի գործարանէն: Ուրբաթ օր պարենային օգնութիւն եւ տաք ծածկոցներ պիտի տրամադրուին նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած 100-է աւելի սուրիահայ ընտանիքներու:

«Այս Պահուն Ուրուկուէյի Կողմէ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Ճանաչման
Ծրագիրներ Չկան»

«Հրապարակ» թերթը գրած էր, որ, ըստ իր լաւատեղեակ աղբիւրներուն, մինչեւ նոյեմբերի աւարտը Ուրուկուէյը նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը պիտի ճանչնայ, եւ ըստ նախնական համաձայնութեան, նոյեմբերի աւարտին Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահը պաշտօնական այցելութեամբ պիտի գտնուի Հայաստան` այդ հարցերուն շուրջ վերջնական համաձայնութիւն ձեռք բերելու համար, ապա պիտի մեկնի Արցախ: Թերթին այս լուրը շատ արագ տարածուեցաւ այլ լրատուամիջոցներու մէջ:

«Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ, ըլլալով Հայաստան-Ուրուկուէյ խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղեկավար, կրնայ փաստել, որ Ուրուկուէյ-Հայաստան յարաբերութիւնները հրաշալի վիճակի մէջ կը գտնուին եւ բնականոն ձեւով կը զարգանան: ՀՅԴ-ն ալ շատ աշխուժ է այս հոլովոյթին մէջ, բայց խորհուրդ չի տար այսպիսի «առաջ վազող յայտարարութիւններ ընել», զգայացունց լուրերու ետեւէ երթալ»:

Յովհաննիսեան չի գիտեր, թէ ուրկէ ոչ շատ հաւաստի աղբիւրներ ունեցող թերթը այսպիսի տեղեկութիւն ստացած է, բայց կը փաստէ, որ ատիկա իրականութեան չի համապատասխաներ, այս պահուն այսպիսի ծրագիրներու մասին խօսիլը տակաւին կանուխ է: «Կը կարծեմ, որ խուճապի եւ զգացական տարր պարունակող այսպիսի հրապարակումները պատահաբար չեն յայտնուիր: Աւստրալիոյ Նիւ Աաութ Ուէյլզ նահանգին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը հաւանաբար ջղագրգիռ վիճակի մէջ ձգած է ազրպէյճանցիները, եւ հիմա տարբեր գրգռութիւններ ու փնտռտուք պիտի սկսի, եւ հաւանաբար կը փորձեն կանխարգիլող քայլեր ձեռնարկել: Դժբախտաբար, հայաստանեան մամուլին մէջ կայ տեսակ մը, որ պատրաստ է որեւէ խայծ կուլ տալ. մէկը կուլ կու տայ`  զգայացունց լուրեր փնտռելով, մէկը` վարձատրութեան համար: Այս պահուն ատիկա ինծի չի հետաքրքրեր, բայց յստակօրէն այդպիսի «զգայացունց» որոնումները եւ գրգռիչ յայտարարութիւնները կը նպաստեն ազրպէյճանական քարոզչութեան», ընդգծեց Վահան Յովհաննիսեան եւ անգամ մը եւս վստահեցուց, որ այս պահուն այսպիսի ծրագիրներ չկան:

 

Leave a Reply

Advertisement