«ՀՅԴ Դժուար Թէ Գոհ Ըլլայ 2013-ի Պետական Պիւտճէի Մասին Օրէնքի Նախագիծէն» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան
By adminx - Tue Oct 30, 7:53 am
- 0 Comments
- 47 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի 2013-ի պետական պիւտճէի մասին օրէնքի նախագիծի բուռն քննարկումները Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան մէջ կը շարունակուին:
Ան ընդգծեց, որ օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ ՀՅԴ-ի վերջնական որոշումը տակաւին չկայ, եւ խորհուրդ տուաւ սպասել նախագիծին վերաբերեալ ՀՅԴ խմբակցութեան եզրակացութիւններուն` ըստ ոլորտներու:
«Իրականութեան մէջ այս պիւտճէն որոշ իմաստով նախորդ տարուան պիւտճէի կրկնութիւնն է, որեւէ զարգացում չ՛ենթադրեր, եւ մօտաւորապէս պարզ է, որ դժուար թէ գոհ ըլլանք այս օրէնքի նախագիծէն», եզրափակեց Աղուան Վարդանեան:
- 0 Comments
- 47 views
- Tweet
Email
Print



