Thursday Jun 20, 2013

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Փարիզի Հանդիպումին Մասին Հաղորդագրութիւն Տարածած Են

By adminx - Tue Oct 30, 7:52 am

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հաղորդագրութիւն տարածած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ շաբաթ օր Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման վերաբերեալ:

«Համանախագահները ընդգծեցին կողմերուն միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու կարեւորութիւնը: Անոնք ներկայացուցին խաղաղ հոլովոյթը առաջ մղելուն ուղղուած աշխատանքային առաջարկի վերաբերեալ իրենց գաղափարները», ըսուած է մասնաւորապէս Ռոպըրթ Պրատքէի, Ժաք Ֆորի, Իկոր Փոփովի երէկուան հաղորդագրութեան մէջ, որ տեղադրուած է ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին մէջ:

«Արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատեցին խաղաղ լուծման հասնելու նպատակով համանախագահներուն հետ աշխատանքը շարունակելու իրենց վճռակամութիւնը: Նախարարները եւ համանախագահները համաձայնեցան շարունակելու այդ գաղափարներու քննարկումը համանախագահներուն` նոյեմբերին շրջան կատարելիք այցելութեան ընթացքին», նշուած է միջնորդներու հաղորդագրութեան մէջ:

 

Leave a Reply

Advertisement