Հալէպի Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցով Դրական Նշոյլնե՞ր
By adminx - Tue Oct 30, 7:49 am
- 0 Comments
- 59 views
- Tweet
Email
Print
Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու ազատ արձակման նպատակով կազմուած նախարարական յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի եւ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեցին նաեւ առեւանգուած լրագրող Ֆիտա Այթանիին թղթածրարը:
Նիստէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ յանձնախումբին հասած յատուկ տեղեկութիւններուն համաձայն, Ֆիտա Այթանի մօտիկ ապագային ազատ պիտի արձակուի:
Ան աւելցուց, որ Այթանի ձերբակալուած էր իր հետապնդած պատմութեան հետ կապուած որոշ տեղեկութիւններու պատճառով:
Ժրայսաթի կոչ ուղղեց լիբանանցի լրագրողներուն եւ լիբանանցիներուն` զգուշանալու Ազազի նման շրջաններ այցելութիւններէ:
Ժրայսաթի ընդգծեց, որ նախարարական յանձնախումբը այսօրուան դրութեամբ չի կրնար հաստատել, որ առեւանգուած լիբանանցիները ե՛րբ կարելի պիտի ըլլայ ազատ արձակել: «Հետեւաբար յանձնախումբին եւ ներքին գործոց նախարարին պարտականութիւնը կը մնայ հետապնդել այն դրական նշոյլները, թէ լիբանանցի առեւանգեալներուն ազատ արձակումը կարելի պիտի ըլլայ», շեշտեց Ժրայսաթի:
Ապու Իպրահիմ Սպաննուեցաւ
ՄԻՒՍ կողմէ, երէկ երեկոյեան «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ քրտական խմբաւորում մը սպաննած է Սուրիական ազատ բանակի հինգ անդամներ, որոնց մէջ նաեւ Ամմար Տատիխի, ծանօթ` Ապու Իպրահիմ անունով, այսինքն` Հիւսիսի փոթորիկ ջոկատի ղեկավարը, որ Ազազի մէջ առեւանգած էր լիբանանցի ուխտաւորներն ու վերջերս` լրագրող Ֆիտա Այթանին:
«Մայատին»-ի համաձայն, Ապու Իպրահիմ եւ մնացեալ չորս զինեալները սպաննուած են Ռիֆ Հալէպի Քասթալճընտօ գիւղը ներխուժելու ընթացքին:
- 0 Comments
- 59 views
- Tweet
Email
Print




