Friday May 24, 2013

Վարչապետ Միքաթի Ընդգծեց Ուիսամ Հասանի Սպանութեան Հետաքննութիւնը Աշխուժացնելու Անհրաժեշտութիւնը

By adminx - Tue Oct 30, 7:47 am

Հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատին, որուն հետ քննարկեց հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան մասին բացուած հետաքննութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան այս իմաստով պէտք է օգտուի միջազգային բոլոր փորձառութիւններէն:

Նշենք, որ վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սաֆատի մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համախոհութիւն գոյանայ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները, այնքան ատեն որ ան կը վայելէ խորհրդարանի վստահութեան քուէն:

Սաֆատի նշեց, որ եթէ երկրին մէջ քաղաքական ընդհանուր կամք մը ըլլայ կառավարութեան ներկայ կազմը փոփոխութեան ենթարկելու, ապա այդ մէկը կարելի է, «սակայն, ըստ իս, երկրին մէջ այդ կամքը գոյութիւն չունի», նշեց ան:

 

Leave a Reply

Advertisement