Sunday May 19, 2013

«Կը Մաղթենք, Որ Պոյքոթի Կեցուածքները Չդրսեւորուին Նաեւ Ընկերային Եւ Տնտեսական Հարցերու Պարագային» Շեշտեց Վրէժ Սապունճեան

By adminx - Tue Oct 30, 7:46 am

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան ընդդիմութեան որդեգրած` քաղաքական կեանքին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու կեցուածքները, չդրսեւորուին նաեւ ընկերային եւ տնտեսական հարցերու եւ թղթածրարներու պարագային:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ այս թղթածրարները կարիքը ունին օրէնսդրութեան` աւելցնելով, որ կարելի չէ քաղաքացիներուն վերաբերող տնտեսական հարցերը սահմանափակել որոշ ուղղուածութիւն մը ունեցող քաղաքական խմբաւորումին որոշումներով:

Նախարար Սապունճեան զարմանք յայտնեց, որ կարգ մը սենտիքաներ կառավարութիւնը կ՛ամբաստանեն պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձերու յաւելումները վաւերացնելու իմաստով արձանագրուած ձգձգումին յանցանքով` աւելցնելով, որ 15 տարի ետք այս կառավարութիւնն է, որ վաւերացուցած է այդ յաւելումները:

Անդրադառնալով Էշրեֆիէի վերջին պայթումին ընթացքին Ժորժեթ Սարգիսեանի նահատակութեան` նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ Ժ. Սարգիսեան Լիբանանի նահատակն է եւ անոր ընտանիքին հետ համապատասխան կերպով պէտք է վարուիլ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement