Monday May 20, 2013

Փ. Մանճեան. «Կառավարութիւնը Պիտի Քննարկէ Պետական Մարզի Պաշտօնեաներու Աշխատավարձի Յաւելումներուն Թղթածրարը»

By adminx - Tue Oct 30, 7:43 am

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Մարքազիէ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան գումարելիք վաղուան նիստը առիթ մը պիտի ըլլայ քննարկելու 22 հոկտեմբերի նիստին օրակարգը, որուն վրայ պիտի աւելնան յաւելեալ 40 կէտեր, ինչպէս նաեւ պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:

Փ. Մանճեան ընդգծեց աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը չքաղաքականացնելու կարեւորութիւնը:

Անդրադառնալով Ազգային երկխօսութեան նիստերուն վերսկսումին` նախարար Մանճեան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահին իրաւունքն է խորհրդակցիլ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ դուրս գալ Լիբանանը յուզող  ներկայ տագնապէն: Փ. Մանճեան ընդգծեց, որ կարելի չէ կառավարութիւնը պատասխանատու նկատել երկրին մէջ գործուած սպանութիւններուն: Ան խստիւ դատապարտեց այն արտայայտութիւնները, թէ կառավարութիւնը ոճրագործներու հաւաքածոյ մըն է` աւելցնելով, որ այդ կառավարութեան մաս կը կազմեն անդամներ, որոնք տարիներ շարունակ ծառայած են լիբանանեան բանակին մէջ:

 

Leave a Reply

Advertisement